Ցեղասպանութեան Նուիրուած Աշխատաժողով Պոլսոյ Մէջ


Ռոնի Մարկուլիս

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան ո՛չ ըսէ» կազմակերպութիւնը Կալաթասարայի «Ճեզայիր» սրահին մէջ, անցած շաբաթավերջին կազմակերպեց աշխատաժողով մը, որուն քննարկումի նիւթն էր՝ «Ա. Աշխարհամարտն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը»։ Հաւաքոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր՝ որպէս հարիւր տարուան պատմութեան մը հետ երես առ երես գալու ձեռնարկ։ Սրահը ամբողջովին լեցուն էր։
Հաւաքի առաջին զեկուցողն էր փրոֆ. Այհան Աքթար, որ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը 1915ի իրադարձութիւնները ընդհանրապէս կը կապէ միայն Ա. Աշխարհամարտին։ Ան նշեց, որ Օսմանեան կայսրութիւնը այդ շրջանի ահաւոր խառնակութենէն օգտուելով՝ հայերը տեղահանեց, քաջ գիտնալով, որ այդ հայերը տեղահանութեան ճամբաներուն վրայ յարձակումներու պիտի ենթարկուէին ու պիտի բնաջնջուէին։ Սարըգամըշի ահաւոր պարտութիւնը հայերուն վերագրուեցաւ ու այդ պարտութեան հաշիւը արձանագրուեցաւ հայերուն դէմ։

Այհան Աքթար

Երկրորդ զեկուցողն էր գրող Թադէոս Պեպեք, որ պատմեց 1915ի նախորդող շրջանի անցուդարձերուն մասին։ Ան ըսաւ, որ հայերը այս հողերուն վրայ էին տակաւին Ք.Ա. 6րդ դարուն, ու մինչ հայերը նախապէս «հաւատարիմ հայրենակից» կը նկատուէին, աւելի ուշ յարաբերութիւնները խանգարուեցան։ Հայերը ստիպուեցան տուրքեր վճարելու թէ՛ քիւրտերուն, թէ՛ պետութեան։ Հազարաւոր տարիներու իրենց հայրենիքին մէջ անոնք երկրորդ կարգի հայրենակից նկատուեցան եւ այս անիրաւութիւններուն դէմ պայքարելու համար սկսան կազմակերպուելու։
Թադէոս Պեպեք ապա պատմեց Սասնոյ պատահարները, Ատանայի դէպքերը եւ այլն։ «Իթթիհատականները նախ գործակցեցան հայերու Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հետ, բայց իշխանութեան գլուխ գալէ ետք, անոնք ալ ընդունեցին թրքապաշտ տեսակէտը ու սահմանափակեցին ազատութիւնները», ըսաւ Պեպեք։

Թադէոս Պեպեք

Երրորդ ու վերջին զեկուցողն էր լրագրող Ռոնի Մարկուլիս, որ կանգ առաւ Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին վրայ։ Եթէ 1915ի ցեղապաշտութիւնը այդ շրջանին համար «անհրաժեշտութիւն» էր, ապա անկէ ետք այդ ցեղապաշտութիւնը վերջ գտա՞ւ արդեօք՝ հարցուց ան։ Մարկուլիս յիշեցուց, որ այդ շրջանի սահմանադրութիւնը կը պնդէր, թէ բոլոր անոնք, որոնք հայրենակցական կապով կապուած են Թուրքիոյ, թո՛ւրք են, սակայն պետութեան ղեկավարներէն շատերը կողմնակից ալ չէին ոչ-իսլամները թուրք կոչելու։ Ազգայնապաշտ Մահմուտ Էսատ Պոզքուրթ, այս պատճառով ալ, ոչ-իսլամներուն համար ստեղծած էր «օրէնքի թուրք» անունը։ Մարկուլիս իր զեկուցումին մէջ օրինակներ նշեց ազգայնապաշտ վերաբերումներէ ու պնդեց, որ Մուսթաֆա Քեմալն ալ անկախ չէր այս վերաբերումներէն։ Ան ըսաւ, որ 1915ի ցեղապաշտութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։
Աւարտին զեկուցողները պատասխանեցին ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.