Երեւանը 2796 տարեկան է


Մայրաքաղաք Երեւանը 2796 տարեկան է: Երեւանի տօնին նուիրուած միջոցառումներու շարքը մեկնարկեց հոկտեմբեր 11-ին: Տօնակատարութիւններու խորագիրն էր՝ «Երեւան, իմ տուն»: Մայրաքաղաքի տօնական 2 օրերու ընթացքին երեւանցիներն ու ականատես եղան տարբեր միջոցառումներու` ջրցան մեքենաներու շքերթ, թատերականացուած ներկայացում, ճատրակի մրցախարք, պարեր եւայլն: Միջոցառումներու ցանկը եզրափակուեցաւ «Երեւան` իմ տուն» համերգով, որ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Երևանը հիմնադրուած է Ուրարտուի Արգիշտի Ա թագաւորին կողմէ Ք. Ա. 8-րդ դարուն։ Ան Հռոմէն 29 տարի առաջ հիմնադրուած քաղաք է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.