Տէր Զօրի եւ Սուրիոյ արաբացած հայերը՝ լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի ոսպնեակով


Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանը կը պատմէ թէ պատանի տարիքին խորապէս ազդուելով իր մեծ հօր ու մեծ մօր ապրած Ցեղասպանութեան արհաւիրքի  սարսափազդու յիշողութենէն, 1980-ական թուականներէն սկսեալ կը նուիրուի լուսանկարչական արուեստին, արխիւագրելու՝ հայկական գաղութներու մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ընթացքին տեղի ունեցող արդարութեան եւ հայ դատին նուիրուած բողոքի ժողովրդային հաւաքաները։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սակայն պատճառ կը հանդիսանայ, որ հեռանայ իր ծննդավայրէն եւ հաստատուի Փարիզ։ Վկայուելէ ետք New York Photography Art Intstitute-էն ամբողջովին կը նուիրուի լուսանկարչութեան: 2005-ին, Եղեռնի 90-ամեակի առիթով, լրագրող Քրիսթին Սիմէոնի հետ կը հրատարակէ «Deir-es-Zor» գիրքը, որուն նախաբանը կը գրէ հանրածանօթ պատմաբան Իվ Թերնոնը։ Գիրքը կը հրատարակէ ֆրանսական ծանօթ Աքդ Սիւտ հրատարակչատունը, հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի ամենանշանաւոր ձայնասփիւռի կայանին՝ Ֆրանս Ինդերին։ «Deir-es Zor»ը կը բաղկանայ 125 էջերէ, որոնք լուսանկարներու եւ իւրայատուկ պատմողական ոճով գրուած թեքսթով՝ կը ներկայացնեն  Հայկական Ցեղասպանութեան զանազան վերապրողներ, ըլլան անոնք Տէր Զօրի անապատին, Հալէպի կամ Պուրճ Համուտի հայկական ծերանոցին մէջ։ Այս տարի, 2010-ին, Պաղտիկ Գույումճեան, պահելվ Քրիսթին Սիմէոնի թեքսթը, լուսանկարներու յաւելումով Մոնթրէալի մէջ կը վերահրատարակէ «Deir-Zor»ը, անգլերէն թարգմանութեամբ, որ կը բաղկանայ  143 էջերէ։

Պաղտիկ կը պատմէ թէ ինչպէս տարիներ առաջ երբ խոստումին համաձայն իր հօր Տէր Զօր կը տանի, որպէսզի ան անապատին մէջ հաղորդուի իր նահատակ մեծ հօր ու հարազատներուն խորհուրդով՝ կ՚որոշէ յայտնաբերել ոչ թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածները, այլ՝ Եղեռնը վերապրողները։ 

Հարց.- Ի՞նչ կը փնտռէիր Տէր Զօրի անապատին մէջ եւ ինչո՞ւ։

Պատ.- Ցեղասպանութիւնը ինքնութեանս կազմաւորման մէջ մեծ դեր ունեցած է։ Ցեղասպանութիւնը թէեւ ծնողներուս կողմէ ինծի փոխանցուած յիշողութիւն մըն էր, սակայն Ցեղասպանութեան որպէս հետեւեանք օտար երկրի մը մէջ ծնած ըլլալս  մեծ դեր խաղացած է կեանքիս մէջ, որպէսզի ժամանակին մէջ ետ երթամ ու որոնեմ Ցեղասպանութեան մնացորդացը, որպէս շօշափելի եւ տեսանելի դաշտ իմ ինքնութիւնս բացատրելու,  փրկելու այն ինչ որ տակաւին կը մնայ որպէս փաստ Ցեղասպանութենէն, եւ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի լաւապէս կարենան ըմբռնել թէ իսկապէս ինչ էր Տէր Զօրը։ Կ՚ուզէի Տէր Զօրի անապատին մէջ գտնել եւ փրկել յիշողութիւնը այն վերապրողներուն, որպէսզի լուսանկարներու միջոցաւ կարենամ տեսողական եւ շօշափելի օրինակներ արխիւագրել, յառաջիկայ սերունդին համար անկախ պատմական այն գիրքերէն, որոնք ամբողջ պատմութիւն մը կը փոխանցեն ջարդի եւ տեղահանութեան։ Իմ նպատակս ջարդը ներկայացնելը չէր, այլ ջարդին որպէս հետեւանք անապատին մէջ տակաւին յամեցող հետքերը։ Իմ լուսանկարչական արխիւագրումս հետքերու արխիւագրում մըն է, որպէսզի օտարին ներկայացնեմ իրողութեան վաւերական փաստերը։ 

Հարց.- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէիր Տէր Զօրը եւ ի՞նչ յայտնաբերեցիր հոն։

Պատ.- Տէր Զօրը կը պատկերացնէի հսկայ անապատ մը, ուր տեղի ունեցած է 1915-ի Եղեռնը։ Որոշեցի երթալ եւ յայտնաբերել այն բոլոր վայրերը, ուր տեղի ունեցած է մեծ սպանդը եւ որոնել մեզ չարչարող մեծ տագնապը բացատրող շօշափելի փաստեր եւ փրկել զանոնք կորուստէ։ Ինչո՞ւ այս մէկը կը շեշտեմ։ Որովհետեւ հայերս չունինք Օշվիցի նման պահպանուած շրջան մը, որ ժամանակին դիմաց որպէս վաւերականութիւն կրնայ դիմանալ։ Օրինակի համար Շետտէտէն, ուր ջարդ տեղի ունեցած է եւ ժամանակին մինչեւ Մակատէի յայտնաբերումը եղած է ուխտատեղի, այսօր կորուստի առջեւ կը գտնուի, որովհետեւ հոն յայտաբերուած են քարիւղի հանքեր եւ շրջանը վերածուած է զինուորական կեդրոնի։ Բնակիչներէն միայն ծերերը գիտեն իսկական ջարդի կեդրոնները, որոնց մահէն ետք հաւանաբար այդ յիշողութիւնն ալ անհետանայ։ Ուստի այդ յիշողութիւնը լուսանկարելը ու ջարդի վայրերուն ճգրիտ տեղերը պատմութեան յանձնելն ու զանոնք կորուստէ փրկելը իմ արուեստիս գլխաւոր հրամայականը դարձաւ, որպէսզի նաեւ այս ուղղութեամբ հրաւիրեմ մարդոց ուշադրութիւնն ու գիտակցութիւնը։

 

Հարց.- Այս աշխատանքը հսկայ աշխատանք մըն է,  ո՞ւրկէ սկսար։

Պատ.- Պէյրութ ապրած տարիներուս արդէն կը նկարէի ոգեկոչման հանդիսութիւններ եւ վերապրողներ։ Սակայն Ֆրանսա հաստատուելէս ետք միայն իսկապէս հասկցայ թէ ինչն էր զիս մղողը այդ աշխատանքը կատարելու, ուստի 1996-97 թուականներուն կատարեցի զանազան ճամբորդութիւններ դէպի հայկական գաղութներ, լուսանկարելու վերապրողները եւ Ապրիլեան ձեռնարկներ, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հրատարակեմ ալպոմ մը, համագաղութային փանորամա մը, որ ցոյց տայ թէ Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, հայերը ինչպէս կ՚ապրին եւ  ինչ մնացած է Ցեղասպանութենէն ու ինչպէս կը կատարուի անոր փոխանցումը։ Իսկ 2001-էն ետք ձեռնարկեցի Տէր Զօր ճամբորդութիւններս, ուր զանազան շրջաններու մէջ գտայ իսլամացած վերապրողներ, որոնք տակաւին կը գիտակցէին իրենց հայ ըլլալուն մասին։ Լուսանկարեցի զանոնք ու անոնց յիշողութիւնը ներկայացուցի գրքիս մէջ, որուն առաջին տարբերակը լոյս տեսաւ 2005-ին։ Ծննդավայրիս մէջ միշտ օտար զգացած եմ եւ այդ օտարութեան զգացումը եկած է Ցեղասպանութենէն, ու հաւանաբար այդ էր որ մղեց զիս որ չյոգնիմ որոնելէ, չդադրիմ փնտռելէ ինքնութեանս մաս կազմող կորսուող իրականութիւնը։

հարց.- Տէր Զօրի մէջ քու հանդիպած բազմաթիւ վերապրողներու պատմութիւններէն, ի՞նչ կրնաս մեզի պատմել.

Պատ.-  Անապատին մէջ հանդիպեցայ Ապտալլահ Թալալ անունով վերապրողի մը, որուն իսկական անունը Յակոբ Տողրամաճեան էր եւ բնիկ Ուրֆացի էր։ Ցեղասպանութեան ընթացքին Յակոբին մայրը վախնալով որ զաւակը պիտի չդիմանայ անապատի չարչարանքին զինք կը յանձնէ արաբ ընտանիքի մը։ Տարիներ ետք, Յակոբին ողջ մնացած մայրը, իր յամառ փնտռտուքին հետեւանքով կը գտնէ իր զաւակը, սակայն ուշ էր… ուշ էր այն իմաստով, որ Յակոբ իսլամացած էր եւ արդէն ամուսնացած։ Մայր եւ զաւակ կը շարունակեն իրենց յարաբերութիւնները եւ Յակոբ իր զաւականերէն մէկուն խնամատարութիւնը կը յանձնէ իր խորթ եղբօր, որպէսզի իր շառաւիղներէն առնուազն մէկը հայ մեծնայ։ 

Հետաքրքրականը այն է սակայն, որ երբ այս պատմութիւնը համացանցին վրայ տեղադրեցի, Հալէպի մէջ բնակող երիտասարդ մը Յակոբ Տողրամաճեան անունով կապուեցաւ հետս ու ի յայտ եկաւ որ նոյնինքն Յակոց Տողրամաճեանի եղբօր թոռն էր։

 

հարց.- Պաղտիկ, կատարած այս ճամբորդութիւններէդ եւ գրքի հրատարակութենէն ետք ի՞նչ ահազանգ կ՚ուզես հնչեցնել։

Պատ.- Գիտէք, իւրաքանչիւր Ապրիլ ամսուան ընթացքին, զանազան ուխտագնացութիւններ կը կատարուին այս վայրերը։ Դժբախտաբար այդ ուխտագնացութիւնները չեն վերածուիր աճիւններուն նկատմամբ գործնական նախաքայլեր առնելու առիթներու։ Այս մէկը կը նշեմ մեկնած այն իրողութենէն, որ շրջանի բնակիչները եկամուտի եւ շահի աղբիւրի վերածած են յայտնաբերուած ոսկորները եւ զանոնք կը  վաճառեն զանազան այցելուներու։ Արդեօք պէտք չէ՞ մտահոգուինք այս երեւոյթով։ Չէ որ անոնք աճիւններն են մեր պապերուն։ Կը խորհիմ որ յատուկ հաւաքական գիտակցութեամբ պէտք է փրկենք զանոնք կորուստէ ու պահպանենք որպէս վաւերական փաստերը Ցեղասպանութեան։ Այս բոլորէն անկախ զիս տագնապեցնողը իսլամացած վերապրողներու հարցն է, որոնցմէ շատերը կը գիտակցին իրենց ինքնութեան։ Այս վերապրողներէն շատերը իրենց բնակավայրերուն մէջ մերժուած են իրենց շրջապատէն, իսկ մեր կողմէ ալ կը մնան անծանօթ։ Ինչպէ՞ս վարուիլ այս մարդոց հետ։ Ի՞նչ ընել։ Արդեօք կրօնքը որպէս մեզ անջատող պատնէ՞շ պէտք է ընդունինք ու մերժենք զանոնք, կամ պէտք է տէր կանգնինք անոնց ողբերգական ճակատագրին ու առնուազն չմերժենք ու գիտակցինք անոնց գոյութիւնը։

 Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գոյումճեանի հետ մեր զրոյցը կ՚աւարտի, զանազան տագնապալից հարցերու առջեւ դնելով մեզ, սակայն անոր «Deir es Zor»ը կը մնայ վաւերական փաստը անապատին, որուն աւազին վրայ տակաւին դրոշմուած կը մնան Ցեղասպանութեան անժխտելի փաստերը։ 

ՍՈՆԻԱ ԱՃԷՄԵԱՆ

«Հորիզոն»

2010


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.