Ցեղասպանութենէն Վերապրողի մը մասին Նոր Գիրք մը՝ «Խենթ Սարգիս»


Իր հօր պատմութիւնը՝ «Խենթ Սարգիս. Անոր կրած սպիները» գիրքը գրելով՝ Էլեն Սարգիսեան Չեսնաթ կը պատասխանէ «հայերուն ի՞նչ պատահեցաւ» հարցումին։ Պատանի տարիքին Չեսնաթ ուզած է Հայոց պատմութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը գրել, սակայն գրադարաններու մէջ ոչինչ գտած է։ Կը թուէր, որ հայերը պատմութենէն ջնջուած էին։ Երբ Չեսնաթ սկսած է իր հօր հետ անոր կեանքին ու փորձառութեանց մասին խօսիլ՝ երբեք չէ երեւակայած, որ ինչպիսի զգացական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէ։ Անոր հայրը ուզած է վստահ ըլլալ, որ ամէն ինչ կ՚արձանագրէ։ Թուրքիոյ Հարաւային Մարմարա շրջանին մէջ Քերամեթ գիւղէն մինչեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատները, ուր հայերը կարաւաներով ուղարկուեցան մահանալու համար, Զմիւրնիոյ հրկզումը։ Սակայն անոր հօր կեանքը միայն ողբերգական չէր, այդտեղ կը գտնուէր նաեւ ուրախութեան եւ երգիծանքի պահեր։ Այս բոլոր կարելի է գտնել նշեալ գիրքին մէջ։ Չեսնաթ կ՚ապահովէ, որ ընթերցողին մէջ հայերուն զանգուածային ջարդերուն ու տեղահանութեան անմարդկայնականութեան վերաբերեալ որեւէ կասկած չըլլայ եւ համոզուի, որ Խենթ Սարգիս 20-րդ դարու յոռեգոյն ցեղասպանութեան փորձառութիւնը ապրած է։ Այդ ցեղասպանութիւնը այնքան կատարեալ ձեւով ծրագրուած ու գործադրուած էր, որ 1,5 միլիոն հայեր, ինչպէս նաեւ Անատոլուի մէջ անոնց երեք հազար ամեայ պատմութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը կարճ ժամանակուան ընթացքին բնաջնջուեցան։

Էլլեն Սարգսեան Չեսնաթ ծնած է Մուսուլ, Իրաք։ Ան ուսուցիչ եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի պետական դպրոցներուն մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին արուսետագէտ եղած է՝ մասնագիտանալով տպագրութեան մէջ։ Ան նաեւ ուսանած է պատմութիւն եւ ոչ միայն հօր այլ նաեւ մօր ընտանիքի պատմութեան արխիւը կը պահէ։ Տարիներ առաջ անոր հայրը իրեն ըսած է.«Պատմութիւնս պատմէ՛»։ Անոր փափաքը ի վերջոյ կատարուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.