Նայիրի Մկրտիչեան Նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կայքէջի Խմբագիր


ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան “Հայերն Այսօր” եռալեզու (Արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, Անգլերէն, Ռուսերէն) ելեկտրոնային պարբերականի hayernaysor.am խմբագիր նշանակուած է Նայիրի Մկրտիչեան։

Նայիրի Մկրտիչեան Ծնած է Սուրիա (Գամիշլի), 2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի “Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի “Լեզու եւ գրականութիւն” բաժինը, 2003 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի “կրթութեան կառավարում” բաժինը։

Նայիրի Մկրտիչեան եղած է ԱՄՆ-ի “Հայրենիք” եւ Գանատայի “Հորիզոն” շաբաթաթերթերու թղթակիցը Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի սփիւռքի եւ Հայաստանեան զանազան թերթերու մէջ։ Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուակայն կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր,
2012-ին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ արեւմտահայերէն լրատուական կայքի՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի վարած է նոյն կայքի խմբագրի պաշտօնը։

Նորանշանակ խմբագիրը 2001 թուականէն առայսօր կ’ապրի Հայաստանի մէջ, կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն եւ քրտերէն լեզուներուն, գիտէ անգլերէն, ամուսնացած է ունի մէկ դուստր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.