Կոմիտաս Վարդապետի մասին ֆիլմին մէջ դերեր պիտի սրանձնեն Էտրիըն Պրոտի, Ալէն Տըլոն եւ Տասթին Հոֆման


Ռուսիա բնակող ֆիլմարտադրիչ Վալերի Սահարեան 2013-ին արդէն յայտնած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժանկարի նախագիծ կը մշակուի Կոմիտաս վարդապետի մասին, որու նկարահանումները պէտք է այս տարի արդէն սկսած ըլլային։ Վալերի Սահարեան Սեպտեմբերի վերջաւորութեան կը գտնուէր Երեւան եւ «Կինոաշխարհ»-ի հետ այս նիւթին վերաբերեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ շարժանկարի դիպաշարի վերջնական տարբերակը շուտով պիտի մշակուի, նախապատրաստական աշխատանքները պիտի աւարտին 2015-ի գարնան, իսկ աշնան պիտի սկսին նկարահանումները։ Շարժանկարը 
պատրաստ պիտի ըլլայ 2016-ի գարնան։

Վալերի յայտնած է, որ շարժանկարին մէջ Կոմիտասի կերպարը պիտի մարմնաւորէ օսքարակիր Էտրիըն Պրոտի։ «Ոչ ոք կը կասկածի, որ ան տաղանդաւոր դերասան է. համոզուած ենք, որ Պրոուտին պիտի մտնէ Կոմիտասի կերպարի մէջ ու հրաշալի պիտի խաղայ։ Ան կարդացած է դիպաշարը, շատ հաւնած ու համաձայնութիւնը արդէն տուած է։ Եթէ այլ՝ չնախատեսուած հանգամանքներ չխանգարեն, Էտրիըն Պրոուտին պիտի նկարահանուի Կոմիտասի դերին մէջ», ըսած է ան։

Վալերի կը յայտնէ, որ շարժանկարի կերպարներէն է Քոմիսար Վերժէն, որ կը ներկայացնէ այս պատմութիւնը։ Տակաւին չէ որոշուած, թէ այդ դերը Ժան Ռենո՞ն, թէ՞ Ժերար Տեփարտիէօն պիտի ստանձնէ։Շարժանկարին մէջ պիտի ըլլան ցեղասպանութեան ահաւոր պատկերներ, որոնց հետեւանքով ալ գլխաւոր հերոսը՝ Կոմիտասը հոգեկան անկում կ՚ապրի։ Դէպքերը հիմնականին մէջ տեղի կ՚ունենան Փարիզի հոգեբուժարանին մէջ, ուր կը յայտնուի վարդապետը։ Կարեւոր, առանցքային կերպար է նաեւ հոգեբուժարանի բժիշկը, զոր պիտի մարմնաւորէ Ալէն Տըլոնը։ Հոգեբուժարանի դիւանդներէն է նաեւ ճատրակ խաղացող հրեայ Շփիլմախըրը, որ կը մտերմանայ Կոմիտասի հետ։ Շփիլմախըրի դերը պիտի ստանձնէ Տասթին Հոֆմընը։ 

Սահարեան կը յայնէ, թէ ֆիլմի երաժշտութիւնը պիտի գրէ Տիգրան Մանսուրեանը, երգերը՝ Սերժ Թանքեանը։ Դիպաշարի հեղինակն է Մարք Արենը։ Շարժանկարի բեմադրիչը պիտի ըլլայ կամ Միլոշ Ֆորմանը, կամ Ռոման Փոլանսքին։ Շարժանկարի պիւտճէն պիտի լազմէ 17 միլիոն տոլար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.