«Ծիսական Գիտելիքներ», Հեղինակ՝ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան


Ծէսը մարդկային պատմութեան վաղ շրջաններէն սկիզբ առած է ու դարձած կրօնական արարողութիւներու անբաժան մասը։ Դարերու ընթացքին ժողովուրդներ իրենց հաւատքի ըմբռնումներուն համաձայն կատարած են ծիսակատարութիւնը։

Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսական կարգը հաստատած են Ս. Սահակ եւ Ս. Մաշտոց։ Ժամանակ առ ժամանակ, անիկա բարեփոխումներու ենթարկուած ու յաւելումներ ունեցած է դարուն եռամեծար վարդապետներու կողմէ (օրինակ՝ Գիւտ կաթողիկոսի, Յովնան Մանդակունիի, Յովհան Օձնեցիի, Խոսրով Անձեւացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր վրդ. Խլաթեցիի, Մատթէոս Դպիրի, Թովմայ Մեծափեցիի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Սիմէոն կթղ. Երեւանցիի եւ այլք…) ըստ օրուան պահանջքին, ի մտի ունենալով եկեղեցական առօրեայ ժամերգութիւններու ճամբով ներգործելու հաւատացեալներու արարողակարգի իմաստին ու ըմբռնումին։

Արմաշի վերատեսչութեան շրջանին, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան Հայոց. Ս. Եկեղեցւոյ Ծիսագիտութիւնը դասաւանդած է դպրեվանքին մէջ, որը Հայրիկ Արք. Արսլանեան 1977 թուականին հրատարակեց Երուսաղէմի մէջ։

Իսկ Օրմանեան Սրբազանին 1905-1906 տարիներուն պատրաստուած ու հրատարակուած Ծիսական Բառարանը նպատակ ունեցած է «եկեղեցագիտութիւնը ժողովրդականացնելու եւ ուղեցոյց ըլլալու ժողովուրդին»։ Միացեալ այս հատորը երկու տպագրութիւն ունեցած է Անթիլեասի մէջ (1957,1979)։

Ծիսական գիտելիքներու առնչութեամբ տպագրում ունին՝ Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեան, Նորայր Արք. Պողարեան, Գրիգոր վրդ. Չիֆթճեան…։

Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան՝ դպրեվանքի դասընկերս եւ պատմական Բերիոյ Թեմի նախկին երկարամեայ ու շինարար Առաջնորդը, աւանդապահ այդ միջավայրին մէջ առաւել թրծուելով ծիսագիտութեամբ ու շարականագիտութեամբ, բարեմիտ դիտաւորութիւնն ու յղացումը ունեցած է Օրմանեան Սրբազանի Ծիսական բառարանի հետեւողութեամբ եւ երեքամեայ աշխատասիրութեամբ պատրաստել աւելի արդիական ու ժողովուրդին մատչելի Ծիսական Գիտելիքներու հատոր մը. իր բառերով.-

«Գրքի պատրաստութեան հիմնական նպատակը եղած է եւս առաւել ծանօթացնել մեր հաւատացեալներուն, եւ յատկապէս նոր սերունդին, եկեղեցւոյ ներքին կառոյցը, որպէս ծէս եւ ծիսակատարութիւն, եւ քանդակել հայ հոգիին մէջ հայց. եկեղեցւոյ շքեղ կառոյցը, որ հարազատ ծննդավայրն է «հայ հոգի»ին, ինչպէս պիտի ըսէր մեծատաղանդ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան» էջ (9)։

Արամ Ա.՝ Մեծնի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աստուածաբան գահակալը եւ միջազգային վարկ ունեցող եկեղացական դէմք, իր «Օրհնութեան Խօսք»ով կ՚արժեւորէ հատորը հաւաստելով.-

«Հայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Մեծնի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ներկայ աշխատասիրութիւնը։ Արդարեւ, Սրբազանը յատուկ ճիգ թափած է հասկնալի լեզուով ու պարզ մօտեցումով մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել հիմնական տեղեկութիւններ՝ հայ եկեղեցական ծէսին առնչուած։ Սոյն հատորին ճամբով ընթերցողը ամփոփ բայց համապարփակ գաղափար կ՚ունենայ մեր եկեղեցական արարողութիւններուն, ծէսի ընթացքին գործածուող առարկաներուն եւ տօներուն մասին…։

Արդ, ծէսի ճանաչումը ու ծիսական կեանքի մեր գիտակից ու հետեւողական մասնակցութիւնը հրամայական է քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Ա՛յս նպատակին պէտք է ծառայէ ներկայ հատորը։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Սուրէն Սրբազանին իր ներկայ աշխատասիրութեան համար»։

Սուրէն  սրբազան գիտակից դասաւորումով հատորին բովանդակութիւնը հինգ գլուխներու բաժնած է.-

ա. Ծիսական բառարանբ. Սուրբ պատարգգ. Տէրունի եւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած տօներդ. Ծիսական ու կանոնական արարողութիւններ ե. Տօնախմբութիւններ, աւանդութիւններ ու ծիսական տնօրինումներ։

Եկեղեցական կեանքի ու ժամերգութեամց առնչուող ծիսական-կանոնական գիտելիքներու շտեմարան մըն է այս նորատիպ հատորը, որ ճոխացած է նիւթերու հետ կապակցութիւն ունեցող ընտիր գունաւոր նկարներով. անկէ պիտի կարենան օգտուիլ կրօնի դասատուներ, դպիրներ, դպրեվանքի սաներ, քահանայ հայրեր, կրօնասէր անհատներ ու դպրոցական աշակերտներ։

Այս գեղատիպ հատորը որ բծախնդրութեամբ իրագործած է տպարանատէր Հուրի Հաքիմեան, ձօնուած է «Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ համայնքին հիմնադիրներէն եւ բարերար Հայկ Արամազդ Մարգարեանին», եւ գիրքի վաճառքին հասոյթը ամբողջութեամբ  պիտի նուիրուի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ կրթական ծրագիրներուն։

Ջերմագին կը շնորհաւորենք Սուրէն սրբազանը այս օգտաշատ ու կարեւոր հրատարակութեան համար եւ իրեն կը մաղթենք առողջութիւն ու կորով նման շահեկան աշխատութիւններ իրագործելու համար։

Բաբգէն Թօփճեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.