Հայ Խաղաղապահները Լիբանան կը ժամանեն մի քանի շաբաթէն


Հոկտեմբեր 1-ին, Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ որդեգրած է «Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Իտալիոյ հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ Լիբանանի մէջ՝ Միացեալ ազգերու ժամանակաւոր ուժերու ծիրին մէջ համագործակցութեան եւ աջակցութեան մասին» թեքնիք համաձայնագիրը, կը յայտնէ Ազգային ժողովի կայքը։

Այսպիսով խորհրդարանը արտօնած է պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ առաքելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան զինուորներու 30 հոգինոց դասակ ու 2 շտապային սպայ ուղարկել Լիբանան, ուր հայ զինուորները Իտալիոյ զինեալ ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանման կազմին մէջ պիտի հսկեն ՄԱԿ-ի ռազմական զօրանոցներու մէջ։

Բացի այդ, թեքնիք համաձայնագիրով յստակացուած են նաեւ Լիբանան գործուղուող զինուորներու կեցութեան, անոնց վիրաւորուելու պարագային բուժման ու այլ խնդիրներու պարագային իտալական ու հայկական կողմերու պարտաւորութիւնները։

Պէտք է նշել, որ հայաստանցի զինուորները գործուղման պիտի մեկնին Հայաստանի զինեալ ուժերու տրամադրած զէնք-զինամթերքով ու անհրաժեշտ այլ իրերով։ ՄԱԿ-ը զինուորներուն աշխատավարձ պիտի չվճարէ, սակայն պիտի ապահովէ ամսական 1000 ամերիկեան տոլար դրամական բաւարարմամբ։ Հայաստանի ստորաբաժանումը Լիբանանի մէջ ծառայութիւն պիտի կատարէ 6 ամիս ժամկէտով, որու ընթացքին անձնակազմը պիտի փոխարինուի կարգի յաջորդականութեան կարգով։

Աւելցնենք, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը այդ երկրին մէջ կը գործեն 1978-էն ի վեր։ Հայաստանի առաքելութեան մասնակցութեան նպատակն է աւելցնել Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումներու փորձառութիւնը։ Ներկայիս Հայաստանի խաղաղապահ ստորաբաժանմուները նմանատիպ առաքելութիւններու ծիրին մէջ ծառայութիւն կը կատարեն նաեւ Աֆղանիստանի եւ Կովկասի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.