Գերմանաբնակ Թուրքերը Կ՛ընդիմանան Ցեղասպանութեան Դասաւանդման


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանաբնակ թուրքեր կը պատրաստուին բողոքի ցոյց մը կատարելու, գերմանական դպրոցներու պատմութեան դասագիրքերուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններուն համար: Ըստ «Հապեր 7» կայքին՝ Հոկտեմբեր 19ին կայանալիք բողոքի ցոյցին աւելի մեծ թիւով մասնակից ներգրաւելու նպատակով, քարոզչական արշաւ մը սկսած է գերմանաբնակ թուրքերու մօտ:
Կազմակեպիչներէն մէկը ըսած է, թէ պէտք չէ արտօնել, որ Թուրքիան ներկայացուի իբրեւ ցեղասպան պետութիւն՝ խստօրէն բողոքելով այն իրողութեան դէմ, որ Գերմանիոյ մէջ իրենց երեխաները պատմութեան դասագիրքերէն կը սորվին, թէ թուրքերը հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարած են:
Կը նախատեսուի ցոյցը կատարել Տիւսելտորֆի քաղաքապտական խորհուրդի շէնքին առջեւ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.