Քանատա Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Քանդումը


ՕԹԱՈՒԱ.- Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը՝ նշելով, որ այդ սրբազան վայրի միտումնաւոր եւ բարբարոսական աւերումը դարձեալ ցոյց կու տայ ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան իսկական էութիւնը՝ աւելցնոլով, որ անոր համար առաջնորդող ուժ է ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ իսլամականները անխտիր թիրախ կը դարձնեն բոլորը՝ քրիստոնեաները, եզիտիները, շիի եւ սիւննի իսլամները, անոնց սրբազան վայրերով միասին: Քանատա կը շարունակէ դատապարտել այս ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կ՛աղաւաղէ իսլամութեան պատգամները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.