Հայաստանն Ու Վրաստանը Կ՛ընդլայնեն Ռազմական Համագործակցութեան Մակարդակը


ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 24-25ին աշխատանքային այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն գտ-նուած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան Հինգշաբթի օր հանդիպած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ եւ քննարկած ռազմական համագործակցութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան գերատեսչութիւններուն միջեւ առկայ համագործակցութեան մակարդակը ընդլայնելու հնարաւորութիւնները եւ բազմակողմանի շրջանակներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.