Սահմանամերձ Գիւղերու Մէջ Տնտեսական Գործունէութիւնը Կ՛ազատուի Հարկերէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կառավարութեան որոշումով Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ իրականացուող տնտեսական գործունէութիւնը պիտի ազատուի հարկերէ:
Կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին հաստատեց «Սահմանամերձ գիւղական համայնքներում իրականացուող գործունէութիւնը հարկերից ազատելու մասին» օրէնքի նախագիծը:
Ֆինանսներու փոխնախարար Վախթանգ Միրումեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ արտօնութիւնը կը վերաբերի «աւելացուած արժէքի հարկին», շահութահարկին ու եկամտահարկին:
«Բնականաբար արտօնութիւն է սահմանուած նաեւ այն բոլոր գործունէութեան տեսակների համար, որոնք հարկւում են այլընտրանքային հարկման դաշտում՝ արտօնագրային վճարներով», ըսած է փոխնախարարը, աւելցնելով, որ օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2015ի Յունուար 1ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.