Հայաստանի Նախագահն Ու Սուրիահայութիւնը Կը Դատապարտեն Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ականահարումը


ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող սուրիահայ համայնքային կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգսեանը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ դոկտոր Յարութիւն Սելիմեանը, ՀՅԴ ներկայացուցիչ Կարապետ Եուզպաշեանը, ՌԱԿի Հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Դատական գերագոյն ատեանի անդամ Լեւոն Պըլըքեանը, ՍԴՀԿ Հալէպի շրջանի ատենապետ Սարգիս Գաւլագեանը, ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի քարտուղար, Սուրիոյ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է սուրիական ճգնաժամի իբրեւ հետեւանք այսօր եւս դժուար ու տագնապալի օրեր ապրող սուրիահայ համայնքի խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ հայկական բոլոր կառոյցներու ներգրաւուածութեան, Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ հայրենիքի մէջ ցուցաբերուող աջակցութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Քննարկուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վտանգուած քրիստոնեայ համայնքներու վիճակը, այդ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներն ու համազգային մարտահրաւէրները: Զրուցակիցները իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնած են եւ խստօրէն դատապարտած են 21 Սեպտեմբերին ահաբեկիչներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած, Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ բարբարոսաբար պայթեցումը:
Վերոնշեալ խնդիրներու լուծման, առկայ մարտահրաւէրներու դիմակայման, այդ նպատակով ազգային շահերու եւ նպատակներու շուրջ հայութեան համախմբման առումով ընդգծուած է Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած առաջնահերթութիւններու եւ դրոյթներու կարեւորութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.