Հայ Դատն Ու Ասորիները Իրաքի Փոքրամասնութեան Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Կոչ Կ՛ընեն


ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ասորիներու համաշխարհային միութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միացեալ նամակ մը յղած են քոնկրեսական Էտ Ռոյսին, դատապարտելով ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ շարունակուող Իրաքի փոքրամասնութեանց հալածանքը։
Քալիֆորնիոյ 39րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Ռոյսը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետն է։
Նամակին մէջ կոչ կ՛ըլլայ ապահովութեան գօտի մը հաստատելու՝ ՄԱԿի հովանիին տակ, ուր ասորիներն ու այլ փոքրամասնութեանց անդամները կրնան ապստան գտնել ու մարդասիրական օժանդակութիւններ ստանալ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.