Սիպիլը Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Յուշամետալով


ԵՐԵՒԱՆ.– 18 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի նոր՝ «Սէր» խորագիրը կրող ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը: Այս առիթով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ «Կոմիտաս» յուշամետալով:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունելի նկատեց այն երեւոյթը, որ ապրելով ու աշխատելով Պոլսոյ մէջ Սիպիլ այսքան հայ մնացած է. «Հէնց նոր հայեացքս նետեցի Սիբիլ բառին եւ ուզեցի Սիբիլ անունը «բացել»՝ ս-սիրելի, իրական, պաշտելի, լուսեղէն հայ աղջիկ»:
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երգչուհին յայտնած է, թէ ուզած է ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը կատարել Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ուզած է իր սէրը Հայաստան բերել։
«Կ՛ուզէի իմ ստեղծագործութիւններուս ծանօթանայ նաեւ հայ ունկնդիրը: Շատ մեծ աշխատանք տարած եմ այս ձայնասկաւառակին վրայ, համագործակցած եմ æիւան Գասպարեանի, Արա Գէորգեանի, «Արեւներ» երգչախումբին հետ», ըսած է երգչուհին:
Ձայնասկաւառակը լոյս տեսած է Փետրուարին եւ արդէն իսկ սիրուած է Պոլսոյ մէջ։ Սիպիլ նշած է նաեւ, որ Պոլսոյ մէջ հայկական երգի պահանջքը հետզհետէ կ՛աւելնայ։ «Ձայնասկաւառակին մէջ առկայ երգերը ոչ միայն կը լսեն պոլսահայերը, այլ նաեւ թուրքերը, որոնց մէջ մեծ թիւով ունկնդիրներ ունիմ»:
«Սէր» ալպոմին մէջ տեղ գտած է 12 երգ՝ 11 հայերէն, 1 արամերէն: Ձայնասկաւառակի վաճառքէն գոյացած ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մանկապարտէզներէն մէկուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.