Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քննարկում


ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- 2015ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում պիտի կազմակերպէ եւ կը նախատեսուի, որ խորհրդարանականները այդ կապակցութեամբ բանաձեւ մը վաւերացնեն:
Քրիստոնեայ ժողովրդավար կուսակցութեան պատգամաւոր եւ խորհրդարանի Արտաքին կապերու յանձնաժողովի անդամ Մանֆրետ Կրունտ ըսած է. «Խորհրդարանի նախագահին հետ խօսած եմ եւ հիմա կը քննարկենք, թէ՝ ի՞նչ ձեւաչափ ընտրել, որպէսզի յաջորդ տարի յիշատակենք այդ սարսափելի ոճրագործութեան հարիւրամեակը: Ամենայն հաւանականութեամբ, խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ նաեւ բանաձեւ մը՝ այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.