Արցախ Բարեկեցութեան Համաշխարհային Ցանկին Մէջ Կը Գերազանցէ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Բարեկեցութեան եւ բնակչութեան կեանքի բաւարարուածութեան համաշխարհային նոր ցանկին մէջ առաջ անցած է Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն: Արցախ աշխարհի 135 երկիրներու շարքին գրաւած է 78րդ դիրքը:
«Gallup and Healthways»ի կազմած ցանկը կը բացայայտէ, թէ որքա՛ն հարուստ կամ առողջ են այս կամ այն երկիրի մը բնակիչները, եւ թէ որքա՛ն լաւ կը զգան անոնք իրենց երկիրին մէջ։ Ցանկին առաջին դիրքը գրաւած է Փանաման, իսկ անոր ամենավերջին դիրքերուն վրայ են Սուրիան եւ Աֆղանիստանը: Միացեալ Նահանգներ կը գրաւէ 12րդ, Բրիտանիան՝ 26րդ, Գերմանիան՝ 29րդ, Ֆրանսան՝ 51րդ, Ռուսիան՝ 62րդ, Թուրքիան՝ 97րդ, Ատրպէյճանը՝ 111րդ , իսկ Հայաստանը՝ 112րդ դիրքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.