Արցախէն Բարի Կամքի Դրսեւորում՝ Ատրպէյճանին Յանձնուած Է Անչափահաս Սահմանախախտը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները՝ ցուցաբերելով բարի կամք եւ կողմնակցութիւն Ժընեւեան ուխտի դրոյթներուն՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի օժանդակութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն յանձնած են 5 Սեպտեմբեր 2014ին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանը անցած ատրպէյճանցին։ Ատրպէյճանցի Ճաւիտ Սամիր օղլու Մուզաֆարզատէն՝ 1999ի ծնունդ, Միր-Բաշիր քաղաքի անչափահաս բնակիչ, Մարտակերտի շրջանին մէջ ինքնուրոյն հատած էր սահմանը եւ ձերբակալուած էր Լեռնային Ղարաբաղի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ։
Փոխանցումը տեղի ունեցած է 11 Սեպտեմբերին՝ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 15։04ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանի հատուածին մէջ՝ Բաշ Քարուենդ գիւղի մօտակայքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.