Ամերիկացի Բժիշկներ՝ Ազատագրուած Տարածքներուն Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Միացեալ Նահանգներու երեք տարբեր նահանգներէ 6 բժիշկներ իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ՝ Կովսականի, Վանք գիւղի եւ Բերձորի մէջ: Բժիշկները Արցախի մէջ կը մնան 7 օրով: Սեպտեմբեր 9-10ին անոնք այցելեցին Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաք, ուր իրենց բժշկական օգնութիւնը ցուցաբերեցին աւելի քան 200 բնակիչներու՝ Կովսականէն եւ յարակից շրջաններէ:
Ծրագիրը կեանքի կոչուած է «Կլոպըլ հոփ փարթնըրզ»ի շնորհիւ, Կովսականի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայլենտի քոյր քաղաքներու համագործակցութեան ծիրին մէջ:
«Կլոպըլ հոփ փարթնըրզ» կազմակերպութեան ղեկավարներ Քրիստոֆըր եւ Կրեթչեն Պրաունները արդէն 7 տարիէ կ՛ապրին Հայաստան, եւ նմանօրինակ բազում ծրագիրներ կը կատարեն: Կրեթչեն Պրաունի համաձայն՝ ասիկա նախ եւ առաջ լաւ կարելիութիւն է Արցախը ճանչնալու, իմանալու անոր խնդիրներուն ու մարդոց առօրեային մասին:

«Միացեալ Նահանգներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ անշուշտ գիտեն Հայաստանի, Արցախի մասին, սակայն բոլոր նահանգներուն մէջ չէ, որ բաւարար տեղեկութիւն ունին այս մասին, մեր նպատակն է կարելի եղածին չափ շատ մարդ բերել այստեղ, մարդիկ, որոնք թէ՛ կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի, թէ հետագային ճիշդ քարոզչութիւն կրնան ընել», դիտել տուած է Պրաուն։
Անոր համաձայն՝ վերաբնակեցուած քաղաքներ ու գիւղեր այցելելը պատահական չէ , այնտեղ ապրող մարդիկ բժշկական օգնութեան եւ առհասարակ ուշադրութեան կարիք ունին աւելի քան այլ տեղ բնակողներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.