Հայաստանի Քաղաքացիի Անձնագիր՝ Քեսապահայերուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան 5 Սեպտեմբերին Քեսապի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ քեսապցիներուն յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրներ։ 9 Սեպտեմբերին այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Անձնագիրներու տուչութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսն ու Քեսապի քաղաքապետը քննարկած են քեսապցիներուն առջեւ ծառացած խնդիրները եւ անոնց լուծման նպատակով առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.