Իրաքի Հավրեզք գիւղի հայերը պատրաստ են դիմակայելու «Իսլամական Պետութեան» (ISIS) Վտանգը – VIDEO


 Հավրեզքցի հայերու ինքնապաշտպանութեան ջոկատներէն մէկը

Լիբանանեան LBCI հեռատեսիլի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրաքեան քիւրտիստանի հայաբնակ Հավրեզք գիւղի հայերը իրենց հողագործի հագուստները հանած են եւ զանոնք փոխարինած են զինուորական տարազներով ու գնդաձիրներով: Անոնք կը շրջին գիւղին մերձակայքը փնտռելով որեւէ սպառնալիք՝ ըլլայ այդ «Իսլամական պետութիւն»ը կամ այլ խմբաւորում մը։ 

Հավրեզք կը գտնուի Մուսուլէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մուսուլը ներկայիս կը գտնուի «Իսլամական Պետութեան» (ISIS) իշխանութեան տակ:

Գիւղապետը ամէն գիշեր իր տան բակին մէջ հանդիպում կ՚ունենայ գիւղի այր մարդոց ու երիտասարդներուն հետ զանոնք քաջալերելու համար։ Թէեւ գիւղի կացութիւնը ապահով է, սակայն Գիւղապետը կ՚ուզէ, որ այր մարդիկը կազմ ու պատրաստ ըլլան որեւէ անակնկալ զարգացում դիմակայելու։

Նշենք, որ Հավրեզք գիւղը, հիմնուած է Վասպուրականի հերոսամարտի մասնակից խմբապետ Լեւոն Շաղոյեանի ջանքերով 1920-ականներուն։ 1970-ական թուականներուն Իրաքեան բանակի եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու հետեւանքով գիւղի հայ բնակչութիւնը գաղթած է: Հավրեզքը վերահիմնուած է 2005-ին Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սարգիս Աղաջանի ջանքերով, որ կը համակարգէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու (քաղդէացիներ, ասորիներ, հայեր) հետ քրտական վարչակարգի աշխատանքները: Քրտական աջակցութեամբ Հավրեզքի մէջ 2005-ին կառուցուած է 115 տուն: Վերաբնակող հայերը եկած են Պաղտատէն, Պասրայէն եւ Մոսուլէն: Ներկայիս Հավրեզքի մէջ կը բնակի 90 հայ ընտանիք:

Իրաքի մէջ հայերուն թիւը 25 հազար էր, սակայն վերջին տարիներուն ապահովական պատճառներով այդ թիւը նուազած է։ 

Տեսանիւթը հոս՝

http://www.youtube.com/watch?v=-NlDupmDA7k


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.