«Լը Մոնտ» Ալիեւի Վարչակարգը Կը Բաղդատէ «Իսլամական Պետութեան» Հետ


ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Լը Մոնտ» հեղինակաւոր թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը, որ բաղդատութիւններ կատարած է «Իսլամական պետութեան» եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին միջեւ։ «Պէտք է վերջ տալ Ալիեւի վարչակարգին» խորագիրով յօդուածի հեղինակները բաղդատութիւններ կատարած են յատկապէս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ գերեվարուած եւ դաժանաբար սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի պարագային ու «Իսլամական պետութեան» կողմէ գլխատուած ամերիկացի լրագրող Ճէյմզ Ֆոլիի պարագային միջեւ։
Յօդուածին մէջ գրուած է. «Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը աշխարհի ամենաբռնատիրական վարչակազմերէն մէկն է։ Մարդասիրական հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ պարբերաբար տեղեկագիրներ կը հրապարակեն այդ երկիրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մասին՝ դիտել տալով, որ Ալիեւի վարչակարգը սպառնալիք է ի՛ր իսկ քաղաքացիներուն համար, եւ այդ մասին կը վկայեն վերջերս տեղի ունեցած Լէյլա եւ Արիֆ Եունուս ամոլի եւ Ռասուֆ Ճաֆարովի ապօրինի ձերբակալութիւնները։
Այս պայմաններուն մէջ դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՞նչ ճակատագիր կրնային ունենալ Ղարաբաղի հայերը, որոնք 1990ականներուն ճաշակեցին այդ ճակատագիրի սաղմերը, երբ ատրպէյճանական վարչակազմին կողմէ յարձակումներ կազմակերպուեցան եւ որպէս հետեւանք՝ Ղարաբաղի ժողովուրդը ստիպուեցաւ հիմնելու անկախ պետութիւն մը։
Կ՛ափսոսանք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հաւանաբար ձախողութեան պիտի մատնուին, մէկ կողմէ այն պատճառով, որ այդ բանակցութիւններուն չեն մասնակցիր Ղարաբաղի իշխանութիւնները, իսկ միւս կողմէ՝ որովհետեւ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը անդրդուելի կեցուածք ունի ու կը ցանկայ վերադառնալ սթալինեան շրջանի գաղութային սահմաններուն։ Այդ վարչակարգը նկատի չ՛առներ նոյնիսկ իր պետութեան կողմէ սանձազերծուած պատերազմը, որ վերջացաւ խայտառակ պարտութեամբ։
Ալիեւի իշխանութեան անթոյլատրելի կեցուածքին վերջին վկայութիւնն է՝ գերի Կարէն Պետրոսեանի սպանութիւնը. սպանութիւն, որ ռազմական յանցագործութիւն է եւ որուն համար կ՛արժէ միջազգային դատ բանալ Իլհամ Ալիեւի դէմ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.