«Ներեցէք, Ես Թուրք Եմ, Բայց Կը Դարմանուիմ Թրքութեան Դէմ»


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ երկրի նորընտիր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, անակնկալ պատասխան մը ստացած է այն արտայայտութեան համար, զոր կատարած էր նախընտրական արշաւի օրերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Էրտողան ըսած էր. «Ինծի համար ըսած են, թէ վրացի եմ. ներեցէք, բայց աւելի գէշն ալ ըսած են՝ պնդած են, որ ես հայ եմ»։ Էրտողանի այս խօսքերը բողոքի ճամբայ բացած էին։
«Ռատիքալ»ի փոխանցումով, նախագահական երդումի արարողութենէն ետք կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին, Էրտողան եւ առաջին տիկինը մօտեցած են երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերին, որ քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան միակ թուրք երեսփոխանն է։ Երբ առաջին տիկինը՝ Էմինէ Էրտողան, հարցուցած է, թէ Էօնտեր ուրկէ՞ է, Էօնտեր պատասխանած է. «Ներեցէք, ես թուրք եմ, բայց կը դարմանուիմ թրքութեան դէմ»։ Պատասխանը անակնկալի բերած է Էրտողանն ու առաջին տիկինը։ Էօնտերի այս խօսքերը մեծ արձագանգ գտած են ընկերային կայքերու վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.