Պաքու Կը Դատապարտէ Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Քալիֆորնիոյ Քայլը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող որոշումին վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է։
Նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ վրդովմունք յայտնած է, թէ որեւէ պետութեան նահանգ իրաւունք չունի նման որոշումներ կայացնելու։ Ան մեղադրած է Ծերակոյտի անդամները՝ հայկական լոպիիստական կազմակերպութիւններու համար աշխատելու յանցանքով։
Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը՝ անընդունելի նկատելով Ծերակոյտին որդեգրած որոշումը եւ պնդելով, թէ Միացեալ Նահանգները «ժողովրդավարութեան եւ քաղաքական համակարգերուն մէջ թերացումներ ունի»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.