«Կարելի չէ ողջունել ՀՀ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ներկայութիւնը Էրտողանի երդման արարողութեան» կ’ըսէ Կիրօ Մանոյեան


Երէկ կայացած Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը մեկնաբանելով՝ հետեւեալ պատասխանը տուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյանը, շեշտելով Էրտողանի հակահայ յայտարարութիւնները ընտրապայքարին ընթացքին։

«Հաշուի առնելով հանդերձ մեր տարածաշրջանում եւ նրա շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք նոր իրավիճակներ են ստեղծում, ինչը չի կարելի անտեսել, այդուհանդերձ նախարար Նալբանդեանի մասնակցութիւնը Էրտողանի երդմնակալութեանը չի կարելի ողջունել՝ ոչ միայն ընտրապայքարի ժամանակ Էրտողանի կատարած հակահայ յայտարարութեան պատճառով, այլ յատկապէս եթէ այդ մասնակցութիւնը նպատակ է հետապնդում վերակենդանացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։
Էրտողանը ե՛ւ որպէս մարդու, ե՛ւ որպէս Թուրքիայի վարչապետի եւ որպէս Թուրքիայի նախագահի թեկնածուի՝ թէկուզ ակամայից՝ ցոյց է տուել Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ իր անկեղծ զգացումներն ու մտածումները, ինչը ոչ մէկ ձեւով արժանի չի դարձնում նրա երդմնակալութեանը՝ Հայաստանի արտգործնախարարի մասնակցութիւնը։
Դաշնակցութիւնը բազմիցս կրկնել է, որ Հայաստանը պէտք է իր ստորագրութիւնը յետ վերցնի այդ արձանագրութիւններից. փոխարէնը՝ մեր իշխանութիւնները փորձում են վերակենդանացնել նրանք, հակառակ Թուրքիայի թշնամական պահուածքին»։

Երդման արարողութիւնը եւ տարբեր մեկնաբանութիւններ

Էրտողանի երդման արարողութեան ներկայ եղող օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները, մեծ մասով արտաքին գործոց նախարարներ կամ պաշտօնատարներ էին: Ընդգծելի է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բացակայութիւնը, որ իր փոխարէն ուղարկեց երկրի խորհրդարանի խօսնակը:
Ինչ կը վերաբերի թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւններուն, թէ Էդուարդ Նալբանդեան նամակ փոխանցելու պարտականութիւնն ալ ունէր Էրտողանին, պաշտօնական Երեւանը չէ մեկնաբանած Էրտողանին Հայաստան այցելելու կամ ոչ հրաւէր փոխանցելու հարցը: 
Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի թրքական իշխանամէտ «Սթար» թերթի «Պայուսակին մէջ նամակով պիտի գայ» վերնագիրով յօդուածին մէջ Անգարայի իշխանական շրջանակներու լրագրողը կը բանայ փակագիծեր 29 Օգոստոսին Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Անգարա կատարելիք այցելութեան մասին: 
Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, երդման արարողութենէն ետք տեղի պիտի ունենար վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի արդէն նախապէս որոշուած հանդիպումը: Վերջինս անոր պիտի փոխանցէր Էրտողանին ուղղուած նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակ-հրաւէրը: Հայաստանի նախագահը Թուրքիոյ իր նորընտիր գործընկերոջ պիտի հրաւիրէ 24 Ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ ներկայ ըլլալու ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին կազմակերպուելիք արարողութեան: Միաժամանակ, ուղերձ պիտի ներկայացուի՝ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու եւ սառեցուած արձանագրութիւններուն նոր շունչ հաղորդելու առաջարկով: Յօդուածին մէջ չի նշուիր Անգարայի դիրքորոշումը այս քայ- լերուն նկատմամբ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Երկիրն այսօր»-ի հարցումին ի պատասխան, մերժեց մեկնաբանել լուրը: 
Թրքական մամուլը ընդհանրապէս «ամէնէն անակնկալ հիւրը» որակած է Նալբանդեանի ներկայութիւնը: 
Կը մնայ տեսնել յառաջիկայ օրերուն թէ ինչպէս կը բացայայտուին եղելութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.