Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Հայրենի Ճատրակ Խաղացողներուն

 

27-07Serj-SargssianՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Աղվերան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ եւ ծանօթացաւ Թրոմսոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիականին պատրաստուող Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի հաւաքականներուն մարզումներուն:

Նշենք, որ մարզիչներ Արշակ Պետրոսեանի եւ Արթուր Չիպուխչեանի հրապարակած կազմերու անդամներուն անունները հետեւեալներն են` ըստ խաղատախտակներու:

ՏՂԱՔ
Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Տիգրան Քոթանճեան:

ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիա Քուրսովա, Լիլիթ Կալոյեան եւ Շուշանա Սարգսեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.