Վերամուտ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի

30 oգոստոս 2021-ի առաւօտը նշանակալից էր Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի աշակերտութեան համար: Վարժարանէն ներս խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Ամառնային արձակուրդէն ետք` վերջապէս վերամուտ էր: Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ծնողները` եռանդով, խանդավառութեամբ եւ յաջող ուսումնական տարուան մը ակնկալիքով զիրար կ՚ողջունէին, բարձր տրամադրութիւն փոխանցելով իրարու:

Դպրոցական առաջին օրը սկսաւ Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանի աշակերտներու բակին մէջ համախմբումով, որ զարդարուած էր գոյնզգոյն փուչիկներով: Բակին մէջ աշակերտները դիմաւորուեցան ժպիտով եւ դրօշակներով, որոնք կը կապէին աշակերտները 2021-2022 տարեշրջանին թեմային` «Թռչի՛ր դէպի նոր Հորիզոններ», եւ սոյն տարեշրջանի ուսուցիչին  կամ ուսուցչուհիին հետ, որ կը սպասէր իր աշակերտներուն:

Վարժարանիս Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն վերամուտը տեղի ունեցաւ երկու օրերու ընթացքին, դիւրացնելու համար անոնց ընտելացումը դպրոցին եւ շրջապատին հետ: Փոքրիկները դիմաւորուեցան այն դաստիարակներուն կողմէ, որոնք  ամբողջ տարի մը մեծ գուրգուրանքով եւ բծախնդրութեամբ  պիտի հետեւէին իրենց կրթութեան եւ դաստիարակութեան ու իրենց կեանքը պիտի լեցնէին մանկական քաղցր յիշատակներով, երգով, պարով, խաղով, եւ այլն:  Ծաղիկ դասարանցիներուն համար նախատեսուած ամենէն իմաստալից պահը այն էր երբ աւարտական կարգերու աշակերտները բարի գալուստի վարդեր նուիրեցին անոնցմէ իւրաքանչիւրին, որոնք ոչ միայն յիշեցին իրենց դողդոջուն քայլերը որոնք զիրենք առաջնորդած էին կրթութեան այս ամրոցը, այլ նաեւ անգամ մը եւս ստեղծեցին ամուր կապ մը Սուրբ Յակոբի տանիքին տակ հասակ առնող սերունդներուն միջեւ:

Իսկ Բաստրմաճեան երկրորդականի աշակերտները ներկայացան դպրոց դասարան առ դասարան։ Անոնք Բաստրմաճեան թատերասրահէն ներս հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ստացան իրենց գիրքերն ու դասացոյցերը, տեսնուեցան իրենց դաստիարակներուն հետ եւ կարճ պահ մը անցընելով դպրոցէն ներս, վերադարձան իրենց տուները, հաստատ գիտնալով թէ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, կարավառական ուսումնական ծրագրի կողքին, պիտի վայելեն Ս.Յակոբ վարժարանի իւրայատուկ եւ անզուգական հայկական եւ ընկերային մտերմիկ մթնոլորտը, հաճելի զրոյցներն ու խաղերը։

Աշակերտ, ուսուցիչ  եւ ծնողք,  ուրախ են որ կրկին անգամ կը վերադառնան իրենց սիրելի եւ հարազատ տունը , ուր առիթը կ՛ունենան մտնելու ուսումնական նոր տարեշրջանի մը հունին մէջ, ինչպէս նաեւ առիթը կ՛ունենան իրարու ծանօթանալու, ընկերանալու եւ միասին զուարճանալու:

Բարի վերամուտ բոլորին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.