Հենրիխ Մխիթարեան Բարեգործական Այցելութիւն Տուած Է Գիւմրիի Մանկատուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի «Բորուսիա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան 19 Յունիսին իր մօր եւ քրոջ հետ այցելած է Գիւմրիի Ֆրիտեոֆ Նանսենի անուան մանկատուն-գիշերօթիկ դպրոց:
Մխիթարեանի նախկին ակումբին՝ դոնեցկի «Շախտէօր»ի աջակցութեամբ նախորդ տարի վերանո-րոգուած էր կրթօճախի մարզական դահլիճը, սակայն ֆութպոլիստը չէր կրցած ներկայ գտնուիլ բացման արարողութեան:
«Աջակցել ենք վերանորոգել մանկատունը, քանի որ այն ունէր դրա կարիքը։ Այս ծրագիրը լինելու է շարունակական։ Յոյս ունեմ, որ հետագայում նման ծրագրեր կ՛իրականացնենք նաեւ դորտմունդի, «Բորուսիա»ի աջակցութեամբ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Մխիթարեան։
25ամեայ ֆութպոլիստը իր այցելութեան լուսանկարները տեղադրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: Մխիթարեան կտրած է մարզական սրահի բացման կարմիր ժապաւէնը: Բացումէն ետք ան փինկ–փոնկ եւ ճատրակ խաղացած է մանկատան աշակերտներուն հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.