Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւնը Հալէպի Հակահայ Արարքներուն Վերաբերեալ


 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կը դատապարտէ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու վրայ վերջին օրերուն հետզհետէ ուժգնացող յարձակումները։ Արդէն կասկած չի մնար, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն իբրեւ ընդդիմութիւն հանդէս եկող ուժերուն թիրախը բացառապէս հայաբնակ թաղամասերն են:

Կան փաստեր, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ սաստկացած յարձակումները կը խրախուսուին յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ։

Կը դիմենք ընդդիմադիր այդ ուժերու վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր, յատկապէս Արեւմտեան պետութիւններուն՝ անմիջապէս իրենց լծակները օգտագործելով դադրեցնելու հայաբնակ թաղամասերուն վրայ յարձակումները: Հակահայ յարձակումներուն եւ գործուած ոճրագործութեան մեղսակից կը համարուին հովանաւորող բոլոր այն պետութիւնները, որոնք առաջքը չեն առներ այդ արարքներուն։

Կոչ կ’ուղղենք Սուրիոյ իշխանութիւններուն, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու՝ յատկապէս քրիստոնեայ անզէն փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Կոչ կ’ուղղենք նաեւ համայն հայութեան՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարելու հակահայ արարքներու դադրեցման ուղղուած Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններուն։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
4 Յունիս, 2014


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.