Վարուժան Գունտաքճեանի 80-ամեայ յոբելեանին առիթով Քեսապի հայութեան համար 75 հազար տոլար հանգանակուեցաւ


 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վարուժան Գունտաքճեան, իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը, որ իր շրջապատի սիրոյն եւ յարգանքին արժանացած է եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին բարիքներ բաշխած, նիւթապէս ու բարոյապէս հասած կարիքաւորներուն ու ազգային կառոյցներուն, Մայիս 16ին, Լոս Անճելըսի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, ընկերական եւ բարեկամական շրջանակի մը ներկայութեամբ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ ստացաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը, որ իրեն շնորհուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Սրբազանը ընթերցեց այս առթիւ վեհափառին հրապարակած կոնդակը:

Վարուժան ծնած է ութսուն տարի առաջ, Ապրիլ 24ին: Ընտանիքն ու ընկերները իր տարեդարձը միշտ ուրիշ օր նշած են: Նոյնն ալ եղաւ այս անգամ: «Ասպարէզ»ի եւ Հայ մշակութային ընկերակցութեան կողմէ Վարուժանի ութսունամեակը տօնելու գաղափարը Վարուժին ընդունելի դարձնելու համար, առաջադրուած էր փոխան նուէրի՝ հանգանակել գումար մը, այս օրերուն ամէնէն շատ կարիք ունեցողներուն՝ Քեսապի գաղթական հայորդիներուն համար: Իրապէս ալ երեկոյին ընթացքին հանգանակուեցաւ շուրջ 75,000 տոլար, որ Սուրիահայութեան Օգնութեան Միացեալ մարմինին ճամբով պիտի հասնի Քեսապի գաղթականներուն: 

Խօսք առնողները անդրադարձան Վարուժանի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի կազմակերպման մէջ անոր բերած ներդրումին, ազգային կառոյցներուն մէջ անոր տարած գործունէութեան, տիպար դաշնակցականի անոր նկարագիրին, որեւէ տագնապ դիմագրաւելու իր պատրաստակամութեան եւ կրթական-դպրոցական, մշակութային-մարզական, քաղաքական-հասարակական աշխատանքներու մէջ իր դերակատարութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կոչին առաջին ընդառաջողներէն էր Վարուժանը, որուն կեանքը յեղաշրջուեցաւ Ղարաբաղեան շարժումի օրերուն ու անկէ ետք: Վարուժան մեկնեցաւ երկիր եւ այնտեղ շարունակեց իմաստաւորել իր կեանքը՝ դարձեալ բարեգործութեամբ, սակայն այս անգամ նաեւ՝ գործարարութեամբ:

Հայ Կրթական Հիմնարկութեան իբրեւ անդամ, ան մեծ հաճոյքով մասնակցած է այդ կազմակերպութեան ձեռնարկած դպրոցաշինութեան ծրագիրին՝ ստանձնելով քանի մը դպրոցներու վերանորոգման ծախսերը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.