«ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՎԷՃԻ ՆԻՒԹ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱԻՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ


Ռուսական «Վեսթնիք Քավքազա» թերթը կը գրէ, թէ շարժանկարի հայ բեմադիրները բողոքի ձայն բարձրացուցած են Սերկէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին՝ Գաննի փառատօնին որպէս ուքրաինական արտադրութիւն ներկայացման դէմ։ Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան յայտարարած է, որ ժապաւէնը Հայաստանին կը պատկանի։ Արդարեւ, ուքրաինական մետիաները յայտարարած էին, որ իրենց երկիրը Գաննի փառատօնին պիտի ներկայացուի «Նռան գոյնը» ժապաւէնով։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.