Էրտողան Պատասխան Քայլի Կը Սպասէ Հայաստանէն Եւ Սփիւռքէն
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը եւ հայկական Սփիւռքը կը նկատեն Թուրքիոյ «սրտանց քայլեր»ուն օգտակարութիւնը եւ նոյն համարձակութեամբ կը պատասխանեն անոնց:
Թրքական «Մանսեթ» պատկերասփիւռի կայանի կայքին համաձայն՝ Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին ըսած է. «Պատմութեան եւ պատմական իրականութիւններու հետ առերեսուիլը միայն Թուրքիոյ առերեսումով ամբողջական պիտի չըլլայ: 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնները կենդանի պահող ամէն պետութիւն պէտք է առերեսուի նոյնպէս: 100 կամ 200 տարուան պատմութիւն ունեցող ազգը կամ պետութիւնը չի կրնար բարեփոխում իրականացնել, չի կրնար առողջ ապագայ կառուցել՝ առանց առերեսուելու իր պատմութեան հետ: Մենք սկսած ենք քանդելու Թուրքիոյ վախի պատերը: Մեր պատմութեան մէջ չկան իրադարձութիւններ, որոնցմէ մենք կ՛ամչնանք կամ կը վախնանք: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայկական Սփիւռքը մեր այս սրտանց քայլը կը տեսնեն եւ նոյն սրտով, նոյն համարձակութեամբ պատասխան քայլի կը դիմեն: Մենք կը սպասենք»:
Միւս կողմէ, ամերիկեան Հանրային սփռումի սպասարկութեան (PBS) կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին, Էրտողան դարձեալ հերքած է Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:
Ըստ թրքական «ԻնթըրնեթՀապեր» կայքին՝ յայտնի հաղորդավար Չարլի Ռոզ հարց տուած է Էրտողանին, թէ Թուրքիա կրնա՞յ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որուն Էրտողան պատասխանած է. «Կարելի չէ, որովհետեւ եթէ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար, այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող հայեր պիտի չըլլային»: