«Քէ.Ճէ.Քէ.» Կը Պահանջէ, Որ Թուրքիա Ճանչնայ «Հայոց Սպանդ»-ը


 

«Մարմարա»` յղում կատարելով «Էօզկիւր Կիւնտեմ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի համայնքներու խմբակը («Քէ.Ճէ.Քէ.»), որ ՔԱԿ-ի զուգահեռ քաղաքական կազմակերպութիւն է, 24 ապրիլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է: «Քէ.Ճէ.Քէ.»-ի Հաւատքի եւ փոքրամասնութիւններու կոմիտէին հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը. «1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած տեղահանութիւնը մէկն է այն ամէնէն ողբերգական պատահարներէն, որուն մասին կը վկայէ պատմութիւնը: Այս տեղահանութեամբ, Օսմանեան կայսրութիւնը, բռնի ուժով եւ սաստկութեամբ իրենց հազարաւոր տարիներու հայրենիքէն աքսորած է միլիոնաւոր հայեր եւ անոնցմէ սպաննած է հարիւր հազարաւորներ: Իսկ այն ցաւն ու տառապանքը, զորս հայ ժողովուրդը զգաց այս տեղահանութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն, այնքան մեծ են, որ կարելի չէ արտայայտել թիւերով: 99-րդ տարելիցին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած այս սպանդը կը դատապարտենք խորագոյն զգացումներով: Մենք յարգանքով կը խոնարհինք այս սպանդին ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցածներուն յիշատակին առջեւ եւ կը բաժնենք հայ ժողովուրդին տառապանքն ու սուգը:

«Հայ ժողովուրդը, որ այս աշխարհագրութեան հնագոյն ժողովուրդներէն մէկն է, շատ մեծ վաստակ ունեցած է Անատոլուի, Միջագետքի եւ Կովկասի քարին ու հողին ձեւաւորման մէջ: Հայե՛րն են, որոնք կառուցած են մեծագոյն եւ դիմացկուն ջրանցքները: Անո՛նք են, որոնք բարձրացուցին մեծագոյն եւ պինդ պատերը, անո՛նք են, որոնք Անատոլուի եւ Միջագետքի մշակոյթին նուիրեցին կարեւոր գործեր: Անո՛նք են, որոնք ամէնէն ցից բարձունքներու հողերը յարմար դարձուցին հողագործութեան: Զանազան մշակոյթներու արդիւնաբերած ապրանքները անո՛նք են, որոնք տարածեցին եւ իւրացուցին այս աշխարհագրութեան մէջ: Հայ ժողովուրդը միայն ապրանքները մէկ ծայրէն միւս ծայրը փոխադրելով չէ՛ գոհացած, միաժամանակ անոնք իրենց հետ փոխադրած են նաեւ մշակոյթը, գիտութիւնը, խաղաղութիւնը եւ եղբայրութիւնը: Այս պատճառով է, որ 1915-ին սպաննուեցաւ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ սպաննուեցան նաեւ խաղաղութիւնը, եղբայրութիւնը եւ լայնախոհութիւնը: Այս սպանդով ջրանցքները չորցան, հողերը անբարեբեր դարձան եւ ճամբաներն ալ ամայացան:

«Այն մտայնութիւնը, որ 1915-ին հայերը սպաննեց, աւելի վերջ սպանդի, ժխտումի եւ բնաջնջումի քաղաքականութիւններով սմքեցուց նաեւ քիւրտերը, ալեւիները եւ Միջագետքը գրեթէ անապատի մը վերածեց: Քրտական անկախութեան շարժումը բնաջնջումի այս քաղաքականութեան դէմ ապստամբութեան շարժում մըն էր: Արամ Տիգրան անցեալի այս հարուստ մշակոյթին մէջ հայ հաւաքականութիւնը ներկայացնող խորհրդանշան դարձած անուն մը եղաւ: ՔԱԿ-ին ու Քրտական անկախութեան շարժումին կողմէ վերջին 40 տարիներուն ընթացքին մղուած պայքարը միայն քիւրտերուն պայքարը չէր, անիկա նաեւ պայքարն էր այս հողերուն վրայ ապրող հայերուն, ալեւիներուն, ասորիներուն, քաղդէացիներուն, այսինքն` այս հողերուն վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն եւ կրօններուն:

«Անցեալին հետ առերեսուիլը ամէնէն կարեւոր անկիւնադարձն է, որպէսզի այս նոր հոլովոյթը յաջողութիւն արձանագրէ եւ ապահովուի, որ պատմութեան մէջ ապրուածը անգամ մըն ալ չապրուի: Այս պատճառով Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութիւնը, սկսելով հայկական սպանդէն, պէտք է առերեսուի ալեւիներու, քիւրտերու եւ եզիտիներու սպանդներուն հետ եւս եւ այս ժողովուրդէն պէտք է ներում հայցէ: Պետութեան կողմէ բոլոր տուժածներն ալ լաւ պէտք է արժեւորեն այս հոլովոյթին ստեղծած դրական մթնոլորտը եւ պէտք է պետութեան ստիպեն, որպէսզի առերեսուի իր արիւնոտ եւ մութ անցեալին հետ: Մենք, հայկական սպանդի տարելիցին առիթով անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները եւ հաւատաւոր հաւաքականութիւնները իրարու միանան պետութեան դէմ հասարակաց պայքարի մը մէջ եւ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ ոգեկոչեն իրենց կեանքը կորսնցնողներուն յիշատակը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.