Իրավիճակը Քեսապի Մէջ


 

ՀԱԼԷՊ, ԵՐԵՒԱՆ.- «Բերիոյ Նիուզ»ի «Ֆէյսպուք»ի կայքէն Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին կը տեղեկանանք, թէ սուրիական օրինական բանակին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին Քեսապի մէջ, մասնաւորապէս՝ թիւ 45 դիտարանի տարածքին:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները՝ օդային յարձակումներ իրականացնելով զինեալներու հաւաքատեղիներուն վրայ: Բախումներուն հետեւանքով, տասնեակներով զինեալներ սպաննուած են:
Սուրիական բանակի գործողութիւնները վերջին քանի մը օրերուն կեդրոնացած են Սըլտըրան գագաթի ուղղութեամբ, որ ճանապարհ կը բանայ դէպի Չալմայի գագաթ, ինչպէս նաեւ՝ դէպի Էքիզօլուխ (երկու աղբիւր) եւ Սամրա շրջանները:
Միւս կողմէ, ՍԴՀԿի փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեան «ՀայՆիուզ»ին յայտնած է, թէ անհետացած քեսապցիներէն երեքը յայտնաբերուած են: Անոնք տարեցներ են, որոնք պարզապէս չեն ուզած լքել իրենց տուները: Անոնք են՝ Ծովիկ Մանճիկեան, Սեմ Փօլատեան եւ Լիւտեր Թրթրեան: Մեսրոպեան աւելցուցած է, թէ քանի մը օր առաջ Քեսապի մէջ սպաննուած հայ երիտասարդը՝ Գէորգ Ճուրեան, զոհ գացած է այն իրողութեան, որ ահաբեկիչները կարծած են, թէ ան սուրիական բանակի զինուոր է՝ պարզապէս, որովհետեւ զինուորական կօշիկներ հագած էր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.