Թենըսի Եւս Մերժեց Ատրպէյճանամէտ Բանաձեւը


ՆԵՇՎԻԼ, Թենըսի.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թենըսիի խորհրդարանը մերժած է Ատրպէյճանի համակիր շրջանակներու կողմէ Արցախի անկախութիւնը անտեսելու նպատակով առնուած քայլ մը՝ հարուած մը եւս հասցնելով Պաքուի իշխանութեանց կողմէ նահանգային մակարդակի վրայ կատարուող ապաքարոզչական արշաւին:
Թիւ 145 բանաձեւը ներկայացուած էր խորհրդարանի անդամ Ճօ Թաունզի կողմէ, սակայն անոր պաշտօնակիցներէն ոչ մէկը երկրորդած էր բանաձեւը քննելու անոր առաջարկը, ինչի շնորհիւ՝ բանաձեւին քննարկումը մերժուեցաւ:
Թենըսի կը հանդիսանայ չորրորդ նահանգը, որ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին պատմութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած բանաձեւ մը կը մերժէ: Հաուային, Հարաւային Տաքոթան եւ Ուայոմինկը եւս նախապէս մերժած էին Պաքուի եւ անոր գործակատարներուն քայլերը:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան դրուատեց Թենըսիի խորհրդարանի սոյն քայլը եւ ողջունեց այս նպատակով Թենըսիի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ Դատի գործիչներուն տարած աշխատանքը:
Բանաձեւի քննարկման առաջարկէն քանի մը շաբաթ առաջ իսկ, Թենըսիի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Պարսումեանը եւ Թենըսիի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանի հայութեան դիմած էին՝ բանաձեւին ձախողութիւնը ապահովելու նպատակով միացեալ աշխատանք տանելու համար. նաեւ, կարելի եղած էր հանդիպումներ ունենալ խորհրդարանի ղեկավարութեան եւ աւելի քան երկվեցեակ երեսփոխաններու հետ՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց Արցախի տագնապին եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ Ատրպէյճանի որդեգրած ապօրինի շրջափակման ու բռնարարքներուն մասին: Հանդիպումներուն մէկ մասին ներկայ եղած է նաեւ Պաքուի 1990ի ջարդերէն վերապրած Էրիք Գրիգորեանը, որ ներկայիս Թենըսի կ՛ապրի:
Հայ Դատի գործիչներ հանդիպում մը ունեցած էին նաեւ բանաձեւը պատրաստած Ճօ Թաունզի հետ, որ մերժած է բանաձեւը քննարկումի չներկայացնելու հայութեան առաջարկը:
«Այսօրուան (Մարտ 25) քուէն ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարութիւնը ծախու չէ», կը յայտնէ Պերճ Պարսումեան՝ դատապարտելով իր հակահայ արարքները Միացեալ Նահանգներ արտածելու Ալիեւի նման բռնատէրի մը փորձերը:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ միայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հսկայ գումարներ ծախսած են՝ աւելի քան 150 նահանգային խորհրդարանականներ, նաեւ՝ Թենըսիէն, ու ամերիկեան կառավարութեան նախկին պաշտօնատարներ սիրաշահելու համար, զանոնք դէպի Պաքու պտոյտներու տանելով: Թենըսիի «Knoxnews.com» լրատուական կայքը, ինչպէս նաեւ թիւ 5 կայանը, լուսարձակի տակ առին Թենըսիէն երեսփոխաններու այս պտոյտները:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները Թենըսիի երեսփոխաններուն հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուցած են պատմական փաստեր, որոնք հաւաքուած էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ ցոյց տալով, թէ նահանգը Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրած էր հայութեան ձեռք երկարող Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան: Այդ տուեալները կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/Tennessee_NER.pdf կայքէջէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.