Իրան 2 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ՝ Սահմանամերձ Մեղրի Եւ Ագարակ Քաղաքներու Կազի Ցանցին Համար

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իրան Հայաստանին 2 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ սահմանամերձ Մեղրի եւ Ագարակ քաղաքներու կազի մատակարարման ցանցերու հաստատման համար: 19 Մարտի նիստին այս որոշումը տուած է Հայաստանի կառավարութիւնը։
\n Շուրջ 500 հազար տոլար ալ պիտի տրամադրէ հայկական կողմը՝ սարքաւորումներու եւ խողովակներու ներածումի հարկերուն եւ տուրքերուն պարտքերը վերադարձնելու միտումով:
\n Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւնները 23 Դեկտեմբեր 2011ին ստորագրած են Իրանի կողմէ Հայաստանին զարգացման օժանդակութիւն տրամադրելու փոխըմբռնման յուշագիր, որով Իրան 2 միլիոն տոլար տրամադրած է՝ Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու կազի բաշխման ցանցի կառուցման համար:
\n Յուշագիրին համաձայն՝ հայկական կողմը ստանձնած է ապրանքի մատակարարման, ծառայութիւններու մատուցման եւ ապրանքի ներմուծման գործարքներէն գանձուող հարկի մաքսատուրքի եւ պարտադիր վճարումին առնչուած ծախսերը: Այժմ արդէն աւարտած է նախագծման աշխատանքը, ճշդուած են ներմուծուող ապրանքի ցանկն ու քանակը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի տարողութիւնը:
\n Ագարակի քաղաքապետ Մխիթար Զաքարեան «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ջեռուցման եղանակին իրենց քաղաքի բնակիչները վճարման առնչուած հարցեր պիտի չունենան, քանի որ Ագարակի լեռնահարստացման համակարգին շնորհիւ շրջանին մէջ միջին աշխատավարձը կը կազմէ մօտ 270 հազար դրամ:
\n Մեղրիի մէջ կազի բացակայութիւնը իսկական հարց կը նկատուի: Քաղաքի բնակիչները այս հարցին մասին խօսած են, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ 2013ի ձմրան, նախընտրական այցելութեան տուաւ շրջան։
\n Այլ որոշումի մը մէջ կատարուած փոփոխութեամբ կառավարութիւնը ապահոված է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած վարկի մայր գումարի մարման գծով կառավարութեան ստանձնած պարտաւորութեան ամբողջական կատարման համար անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.