Սուրիացի ապաստանեալներու թիւը 2014-ին պիտի հասնի 4.1 միլիոնի


 

 

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապաստանեալներու գրասենեակի (UNHCR) վիճակագրական տուեալներով, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով այլ երկիրներ ապաստանած սուրիացի քաղաքացիներու թիւը 2014-ի Դեկտեմբերին պիտի հասնի 4.1 միլիոնի: Ըստ ՄԱԿ-ի նոյն գրասենեակին 4.1 միլիոն գաղթականներու առօրեայ կեցաղային եւ առողջապահական ծախսերը ապահովելու համար անհրաժեշտ է 4.2 միլիառ տոլար:

2013-ի Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ սուրիացի ապաստանեալներու եւ գաղթականներու թիւը կազմած է 2 միլիոն 273 հազար քաղաքացի, որոնցմէ 35%-ը ապաստանած է Լիբանան, 24%-ը Յորդանան, 22%-ը՝ Թուրքիա, 9%-ը Իրաք՝ 6%-ը՝ Եգիպտոս, 4%-ը այլ երկիրներ:

Սուրիոյ բնակչութեան թիւը 2012-ի Յուլիսի դրութեամբ կը կազմէր 22 միլիոն 530 հազար։ 2014-ին նախատեսուած ապաստանեալներու վերոնշեալ թիւով, Սուրիոյ բնակչութեան  18%-ը երկրէն դուրս ապաստանեալի վիճակ պիտի ունենայ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.