Ըստ «Անատոլու»-ի. Անիի Առաջին Բնակիչները Թուրքերն Են, Ժառանգութիւնը` Մզկիթները


 

 

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը պատրաստած է պատմական Հայաստանի Անի քաղաքին նուիրուած ակնարկ մը, ուր կը փորձէ «ջնջել» հայկական հետքը: Ըստ պաշտօնական գործակալութեան համբաւ ունեցող «Անատոլու»-ի, 7 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքին առաջին բնակիչները թուրքերն են, իսկ Անիի ամէնէն կարեւոր մշակութային ժառանգութիւնը` մզկիթները:

«Ակօս» «Անատոլու»-ի այս քայլը կը համեմատէ 2008-ին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Անիի վերաբերեալ պատրաստած պատմական ակնարկի մը հետ, ուր «հայ» բառը ընդհանրապէս տեղ չէր գտած:

«Անիի պատմութեան նուիրուած նիւթին մէջ բոլորը կան` բացի հայերէն», կը շարունակէ «Ակօս»: Այսպէս` իբրեւ Անիի առաջին բնակիչներ կը ներկայացուին սաքա թուրքերը, որոնք իբրեւ թէ քաղաքին մէջ հաստատուած են ՆՔ 5000-ական թուականներուն, ապա կը յիշատակուին տարբեր ժամանակներու մէջ քաղաքին մէջ կառավարած տարբեր պետութիւններն ու իշխանութիւնները` Սասանեանները, Բաղրատլը իշխանութիւնը(Բագրատունիները. «Ա.»), Շատտատեանները, վրաց աթաբեկները, մոնկոլները, քարաքոյունլուները, աքքոյունլուները, օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւնները:

Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան քննադատութենէն ետք` «Անատոլու» գործակալութիւնը Անիի մէջ եղած քաղաքակրթութիւններու շարքէն հանած է այսպէս կոչուած սաքա թուրքերը եւ ատոր փոխարէն տեղ յատկացուցած ուրարտացիներուն: «Ակօս»-ը ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ այն հանգամանքին, որ Բագրատունիներու մասին խօսելու ատեն անոնց ազգային ծագումը չի ներկայացուիր:

Վերջերս թրքական շարք մը թերթեր գրած էին, որ հայ զբօսաշրջիկները մեծ վնաս կը հասցնեն Անիին: Պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումով մտահոգուած` շրջանի բնակչութիւնը դիմած էր համապատասխան մարմիններուն` ըսելով, թէ պէտք է կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկել: Թուրքերը յատկապէս վերջին շրջանին ոչ թէ «Անի» կը գրեն, այլ` «Անը» (Թրքերէն «յուշ»)` պնդելով, որ ատիկա քաղաքի իսկական անունն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.