Հալէպի Մէջ Դասական Երաժշտութեան Համերգ


 

Մարտ 6-ին, Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական եզակի համերգ մը։

Համերգը կը հովանաւորէր Հալէպի նահանգապետ Մուհամմէտ Ուահիտ Աքատ, կազմակերպութեամբ՝ Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան Հալէպի «Սապահ Ֆախրի» երաժշտանոցին, գործակցութեամբ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ։

Համերգի ընթացքին հնչեցին պարոք շրջանի երաժշտական ստեղծագործութիւններ, կատարողութեամբ երաժշտական հետեւեալ եռեակին՝ երաժիշտ Ժիրայր Ռէիսեան (րէքօրտըր Ֆլիւթ), դաշնակահար Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեան (դաշնամուր) եւ ջութակահար Ֆէտի Թորօ (Չելլօ), համերգին հնչած վերջին ստեղծագործութեան կատարումին եռեակին միացաւ «Սապահ Ֆախրի» երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժիրայր Ռէիսեանի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.