Տեղեկութիւն Չունինք Արցախի Մէջ Սուրիահայերու Զանգուածային Բնակեցման Մասին. Փոփով


«Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ըսած է. «Տեղեկութիւն չունինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Սուրիայէն հայ ընտանիքներու զանգուածային բնակեցման մասին»: Փոփով այս յայտարարութիւնը կատարած է՝ պատասխանելով ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան հարցումներուն:

«Կարելի է ենթադրել, որ եթէ նոյնիսկ եղած են բնակեցման դէպքեր, ապա քիչ հաւանական է, որ անոնք կրեն զանգուածային բնոյթ: Այդ մասին մեզի տեղեկացուցած է նաեւ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը», աւելցուցած է ան:
Վերջին երկու տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուած են շուրջ երեք տասնեակ սուրիահայ ընտանիքներ, որոնց մէկ մասը բնակութիւն հաստատած է Քաշաթաղի շրջանը:

Սուրիահայերը կ՛ըսեն, որ Քաշաթաղի շրջանը ընտրած են՝ հաշուի առնելով տեղւոյն եւ իրենց նախկին բնակավայրի՝ Գամիշլիի, կլիմային ընդհանրութիւնը: Այդ շրջանը վերահաստատուած սուրիահայերը հիմնականին մէջ հողագործութեամբ կը զբաղին: Երկու տարիներու ընթացքին, տեղական իշխանութիւնները մասամբ լուծում տուած են անոնց բնակարանային, ինչպէս նաեւ աշխատանքային խնդիրներուն:

Պաքու անցեալ տարի բողոքած էր ՄԱԿին՝ պնդելով, թէ Հայաստանը «օգտուելով հրադադարէն՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ սուրիահայեր կը վերաբնակեցնէ»:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձած էր այս պնդումին՝ ըսելով. «Տարուած լինելով հակամարտութեան էութիւնը խեղաթիւրելու եւ միջազգային հանրութիւնն ապակողմնորոշելու իր մոլուցքով՝ Ադրբեջան չի վարանում նոյնիսկ դիմել ակնյայտ կեղծիքների ու ապատեղեկատուութեան: Մասնաւորապէս, բաւական է նշել, որ նամակին կից ՄԱԿի քարտուղարութեանը փոխանցուած այսպէս կոչուած «վերաբնակեցուած անձանց» ցուցակում նշուած անձանցից որեւէ մէկը երբե՛ք չի եղել եւ ներկայումս էլ չի գտնւում ԼՂՀ տարածքում»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.