ԻՍԿ ՆՈՅԸ ԻՋԱՒ ԱՐԱՐԱՏԷՆ… ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՆԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ 6000 ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԻ


Գինեգործութեան գիտական կեդրոնի գիտաշխատող Դերենիկ Սաֆարեան armef.com կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Վրաստանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն նախագիծ իրականացնել՝ ապացուցելու համար, թէ իրենց երկիրը գինիի հայրենիքն է։ Վրաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան գինիի վարչութեան պետ Լեւան Դաւիթաշվիլի յայտնած է, որ «նախագիծը կը կրէ գիտական բնոյթ եւ նպատակ ունի գիտական հիմամբ բացայայտել վրացական խաղողի որթատունկի ծագման աղբիւրները, որպէսզի գինիի հայրենիքի մասին վէճերը փաստարկուած ըլլան, եւ համապատասխան ապացոյցները դրուին սեղանի վրայ»։ 

«Բոլորն ալ իրաւունք ունին տարբեր հարցերու շուրջ ծրագիրներ մշակելու եւ յայտարարութիւններ կատարելու, ներառեալ վրացի մեր բարեկամները։ Պարզապէս հարցի ամբողջ ծանրութիւնը այն է, թէ կատարուած յայտարարութիւնն ու քայլը որքանո՞վ կը տեղաւորուի մարդկային ու պատմական տրամաբանութեան, փաստերու ճշմարտացիութեան, ընդունելիութեան ծիրին մէջ, եւ որքանո՞վ ատիկա կարելի է գիտականօրէն ապացուցել՝ բարոյականութեան սահմանները չխզելով»։

«Մենք Վրաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան յայտարարութեան դէմ արտայայտուելու հարց չունինք։ Աւելին, ուրախ ենք, որ անոնք կ՚ուզեն, որ վէճերը փաստարկուած ըլլան։ Միայն նշենք, որ այս առումով հետաքրքրական պիտի ըլլար մինչեւ օրս լսել Վրաստանի տարածքին մէջ գինեգործական արտադրութեան եւ ընհանրապէս գինեգործութեան վերաբերող պատմական փաստեր։

«Հայկական գինեգործութեան պատմութեան վերաբերեալ, օրինակ, փաստերը շատ են ու հիմնաւոր։ Ահաւասիկ՝ Նախքան Քրիստոս (ՆՔ) 7-րդ դարուն Կարմիր բլուրին մէջ, ՆՔ 4-րդ դարուն Դուինի ու Գառնիի մէջ լուրջ արտադրական գինեգործութիւն զարգացած էր։ Կարմիր բլուրի մէջ գտնուած սերմերու հետազօտութենէն ի յայտ եկած է, որ անոնք այսօր ալ մշակուող՝ հայկական «Ոսկեհատ», «Գառան դմակ» եւ «Մսխալի» տեսակներու սերմերն են։

«Սակայն մինչ այդ՝ ուրարտական մայրաքաղաք-ամրոց Թէյշեբայինիի գինեդարաններէն մէկուն մէջ գտնուած են կիսով չափ թաղուած շուրջ 480 գինիի կարասներ՝ իւրաքանչիւրը 800-1200 լիթր տարողութեամբ։ Կարասներուն մէջ գտնուած խաղողի սերմերը նոյնպէս կը պատկանին ներկայիս մեր արտադրութեան մէջ տարածուած՝ Ոսկեհատ (Խարջի), Գառան դմակ եւ Մսխալի տեսակներուն։ Ատոնց վերաբերող ուսումնասիրութիւնները կատարուած են ոչ միայն Հայաստանի մէջ եւ ոչ միայն հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Գինեգործարանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած է նաեւ ծծումբի կտոր, որ կը վկայէ, որ ուրարտացի գինեգործերը ծծմբային կազը օգտագործած են որպէս ախտահանիչ, որու դերը կարեւոր է գինիի պատրաստման գործին մէջ։ Այս միջոցառումը կը կիրարկուի նաեւ ժամանակակից գինեգործութեան մէջ։ Ատիկա կը նշանակէ, որ մեզմէ 3000 տարի առաջ Հայաստանի մէջ գինիի արդիւնաբերութիւն կար։

«Աւելին, Եղեգնաձորի հնձանին մէջ յայտնաբերուած են գինիի արտադրութեան վկայութիւններ, որոնք 6000 տարուան հնութիւն ունին։ Յայտնաբերուած են խաղողի ածխացած մանր ու խոշոր սերմեր (ամենայն հաւանականութեամբ՝ մանրները վայրի խաղողներու սերմեր են, իսկ խոշորները կրնան «Արենի»-ի սերմեր ըլլալ, որովհետեւ Արենի խաղողը ունի համեմատաբար խոշոր սերմեր), ողկոյզ ու պտուղներ։ Փաստօրէն, Արենի գիւղի հարեւանութեամբ գտնուող քարանձաւներէն յայտնաբերուածի համաձայն, ունինք յստակ արձանագրուած պատմական փաստ. 6000 տարի առաջ Հայաստանի տարածքին մէջ, Վայոց ձորի մէջ, ունեցած ենք արտադրական գինեգործութիւն։

«Իսկ ի՞նչ ունին ներկայացնելու վրացիները։ Հաւանաբար պիտի փորձեն ներկայացնել Կախեթիայի հին գինեգործութիւնը եւ պնդել, որ ատիկա 5 հազար տարուան պատմութիւն ունի։ Բացի այդ, մեր դրացիները յաճախ կը փորձեն իբրեւ խաղողագործական հնագոյն երկիր ներկայանալ՝ ելլելով Վրաստանի մէջ՝ Շուլաւերի տարածքին մէջ յայտնաբերուած խաղողի ածխացած կորիզներէն։ Պատմութիւնը որքան ալ խեղաթիւրուի, բոլորին յայտնի է՝ այդ տարածքները հայկական ու հայաբնակ են։ Ատիկա Հայաստան է, ինչպէս Վանը, ինչպէս Լոռին եւ հայկական միւս գանձերը։

«Ի վերջոյ՝ Նոյը իջաւ Արարատ լեռէն, «սկսաւ հողագործ դառնալ, եւ մէկ այգի տնկեց։ Եւ գինիէն խմեց…»(Ծննդ., Գ.Թ., 20)»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.