Իլհամ Ալիեւ 1.275.000 տոլար տրամադրած է Խոջալուի դէպքի հակահայ քարոզչութեան համար


AzerTAc ազրպէյճանական կայքէջին համաձայն, նախագահ Իլհամ Ալիեւ Խոջալուի դէպքին առնչուող Justice for Khojaly քարոզչական ծրագրին համար յատուկ հրամանագրով տրամադրած է 1 միլիոն 275 հազար ամերիկեան տոլար։

http://web.justiceforkhojaly.org կայքէջով իր քարոզչութիւնը կատարող Justice for Khojaly քարոզչական ծրագիրը սկիզբ առած է 2008 թուականին։ Վերոնշեալ պետական յատկացումը ցարդ ամենէն մեծ գումարն է այդ ծրագրին տրամադրուած։

Անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն, չինարէն եւ սպաներէն լեզուներով Justice for Khojaly-ի կայքէջին վրայ զետեղուած են պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող յօդուածներ եւ տեղեկութիւննեեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.