ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ՝ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ, ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ


 

Նոր Հալէպ աւանի նախագիծը

 

Յարութ Էքմանեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սուրիական հակամարտութիւնը սկսաւ 2011-ի գարնան, սակայն Յուլիս 2012-ի վերջաւորութեան, կռիւներու Հալէպ հասնելէն ետք է, որ սուրիահայեր սկսան Հայաստան մեկնիլ։ Հազիւ քանի մը ամիս ետք՝ 3000 գաղթականներ Հայաստանի մէջ կը բնակէին։ Մինչ անոնց թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել (ըստ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, աւելի քան 11 հազար), սուրիահայերու նկատառելի թիւ մը Հայաստանէն Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ արեւմտեան երկիրներ մեկնած է։

2012-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան պահանջեց, որ սուրիահայերուն օժանդակելու կառավարական բոլոր ջանքերը համակարգուին Սփիւռքի նախարարութեան հետ։ 2013-ին՝ նախարարութիւնը սուրիահայերու հարցերով զբաղող աշխատանքային խմբակ մը յառաջացուց։ Ապա, վարչապետը ստեղծեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ համակարգող յանձնախումբ մը, որ բաղկացած է առողջապահութեան, կրթութեան ու արդարադատութեան փոխնախարարներէն։

Բայցեւայնպէս, նախարարութիւնը հայաստանեան մամուլին կողմէ երբեմն քննադատուեցաւ իր անձեռնհասութեան պատճառով։ Սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Լուսինէ Ստեփանեան համաձայն չէ նշեալ քննադատութեանց։ Ան կը հաստատէ, որ նոյնիսկ տագնապը ուղղակի կերպով հայերուն ազդելու սկսելէն առաջ՝ նախարարութիւնը Հայաստանի Ազգային գիտութեանց ակադեմիայէն մասնագէտներէ խնդրած է տարածաշրջանին պատմութեան եւ անոր հայ համայնքներուն մասին զեկուցում մը պատրաստել։ Ան աւելցուց, որ սուրիական հակամարտութեան առաջին հանգրուաններէն սկսեալ սուրիահայ համայնքէն ներկայացուցիչներու հետ շարք մը ժողովներ գումարուած են քննարկելու համար, թէ յոռեգոյն զարգացումներու պարագային ինչ կարելի է ընել։

Սփիւռքի նախարարուհին քննադատուեցաւ, երբ ան այցելեց օդակայան, ծաղիկներով դիմաւորելու համար սուրիահայերը՝ անտեսելով այն իրողութիւնը, որ անոնք շահագործումի ենթարկուած էին «Արմավիա»-ի կողմէ, որ Հալէպ-Երեւան թռիչքներու ճանապարհածախսը բարձրացուցած էր՝ արձանագրելով մրցանիշ մը։

Հակառակ նման քայլերուն՝ Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնատարները կը յայտնեն, որ Յակոբեանի անձնական քարիզման եւ նկարագիրը դիւանակալական արգելքներու յաղթահարման եւ գործողութիւնները կարելի եղածին չափ արագ կատարման օգնած են։

Հոկտեմբեր 2012-ին, նախարարութիւնը հիմնեց Սուրիահայերու հարցերու համակարգման կեդրոնը, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է։ Ամբողջութեամբ սուրիահայերէ կազմուած անոր վարչութեան պարտականութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելն է։ Մինչ այդ՝ նախարարութիւնը արդարադատական, առողջապահական եւ կրթական հարցերու օժանդակութիւնը կը համակարգէ առնչակից նախարարութիւններու եւ կառավարական մարմիններու հետ։

Նշեալ ջանքերուն ծիրին մէջ՝ կառավարութիւնը սկսաւ սահմանին վրայ սուրիահայերուն մուտքի արտօնագիր տալ՝ փոխան ստիպելու, որ անոնք այդ արտօնագիրները իրենց երկրին մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատունէն եւ հիւպատոսարաններէն ստանան։ Գաղթականները նաեւ մուտքի եւ կեցութեան արտօնագիրներու ծախսերէն ազատ էին։ Կառավարութիւնը մէկ այլ քայլ մըն ալ առաւ եւ սուրիահայերուն եւ լիբանանահայերուն արտօնեց իրենց երկրներուն մէջ գտնուող դեսպանատուներուն ճամբով քաղաքացիութեան դիմել ու ստանալ՝ փոխան դիմումի հոլովոյթին համար Հայաստան ճամբորդելու։ Այս պարագային եւս անոնք ծախսերէ ազատ էին, ինչպէս նաեւ այլ տուրքերէ՝ ինչպէս ինքնաշարժերու վրայ եկամուտի տուրքէն։

Կառավարութիւնը նաեւ բոլոր սուրիահայերուն, անկախ անոնց քաղաքացիութենէն, բուժարաններու մէջ ձրի բժշկական խնամք, ինչպէս նաեւ լուրջ բժշկական վիրահատումներու կամ գործողութեանց համար՝ անվճար ծառայութիւն։ Երիտասարդ սուրիահայերն ու Հայաստանի քաղաքացիները կրթութեան մարզէն ներս նոյն իրաւունքները ունին։ Մինչեւ իսկ համալսարանի ուսանողներուն 2013-2014-ի կրթաթոշակը ՀԲԸՄ-ն ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը վճարեցին։

Սփիւռքի նախարարութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Հայկական Քարիթասի հետ աշխատանք կը տանի բնակարան տրամադրելու բազմաթիւ ընտանիքներու, մասնաւորաբար անոնց, որոնք Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններէն են, ուստի հայերէն լեզուին նուազ ծանօթ են եւ համարկումի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Նախարարութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ աշխատանք կը տանի բնակարան, դեղորայք եւ ատամնաբուժական խնամք ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ կը գործակցի այլ կազմակերպութիւններու հետ ինչպէս՝ Children of Armenia, Vision Armenia, Կարմիր խաչ եւ շարք մը ՄԱԿ-ի գործակալութիւններ։ Այս գործունէութեանց մեծամասնութիւնը յանուն նախարարութեան կը կատարուին Սուրիահայերու հարցերով համակարգման կեդրոնին կողմէ։

Ստեփանեան կը յայտնէ, որ անսպասելի էր տեսնել այն մեծաթիւ գործատէրերն ու անհատները, որոնք տագնապի առաջին օրերէն ի վեր գործատեղիներ ու օժանդակութիւն տրամադրեցին եւ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեցին։ Սահմանային աղքատ Բերդ քաղաքէն անհատ մը նուիրեց 5000 դրամ (12 ամերիկեան տոլար), որ ամերիկեան արժէչափերով մեծ բան մը չէ, սակայն Բերդի մէջ ընտանիքի մը մէկ շաբթուան կերակուրի ծախսն է։

Սփիւռքի նախարարութիւնը նաեւ կը կազմակերպէ դասընթացքներ սփիւռքահայերը Հայաստանի մէջ տուրքերու համակարգին, արեւելահայերէնի եւ ռուսերէնի ծանօթացնելու համար։

Վերջին ամիսներուն՝ Յակոբեան ձեռնարկեց իր «Նոր Հալէպ» աւանի կառուցման աշխատանքին, որ շուրջ 630 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարան պիտի յատկացնէ։ Աւանին տարածքը տրամադրուած է Աշտարակի քաղաքապետութեան կողմէ։ Ըստ նախարարութեան ներկայացուցիչներուն, կառուցման աշխատանքը շուտով պիտի սկսի։ Ոմանց համար բոլոր սուրիահայերը մայրաքաղաքէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկ վայրի մէջ հաւաքելը կը յիշեցնէ 1940-ական եւ 1950-ական թուականներուն ներգաղթողները կեթոյի վերածելու խորհրդային քաղաքականութիւնը։ Սակայն Ստեփանեան կը շեշտէ Երեւանի մէջ հարիւրաւոր ընտանիքներուն մնայուն կեցութեան վայր ապահովելու նիւթական դժուարութիւնը, մանաւանդ, որ Երեւան արդէն իսկ սուղ եւ խճողուած է։ Ան կ՚ըսէ, թէ աւանի վայրի ընտրութեան եւ անոր առնչուող բոլոր հարցերը որոշուեցան սուրիահայերու հետ հրապարակային հանդիպումներու ընթացքին, աւելցնելով, որ այս ծրագիրը զանոնք պիտի «կեթոյանալու» պիտի չդատապարտէ, այլ նպաստէ, որ անոնք պահեն իրենց արեւմտահայերէն լեզուն եւ աւանդութիւնները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.