Հանդիպում՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Եւ Նախագահ Սարգսեանի Միջեւ


ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 21ին, Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի միջեւ։ Ներկայ էր նաեւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս իմաստով ՀՄԸՄի ունեցած դերակատարութիւնն ու ներդրումը։ Արծարծուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն ընթացքը։ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Բիւրականի բանակավայրի կացութեան, զայն բարեկարգելու եւ ընդարձակելու վերաբերող ծրագիրներուն։ Իսկ նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ՝ զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր, եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Նախագահ Սարգսեանի եւ Գառնիկ Մկրտիչեանի սոյն տեսակցութիւնը նաեւ առիթ եղաւ անդրադառնալու ՀՄԸՄի ծաւալած բազմաճիւղ եւ աշխարհատարած գործունէութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.