Դամասկոսի Շրջանին Մէջ 27 Ատրպէյճանցի Զինեալ Մահացած Է


ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համացանցին վրայ Սուրիոյ մէջ մահացած ատրպէյճանցի զինեալներու մասին նոր տեսաերիզ մը տեղադրուած է: Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ կռուող իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու պատկանող կայքի մը վրայ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կը խօսուի Դամասկոսի շրջանին մէջ սպաննուած 27 ատրպէյճանցի զինեալներու մասին: Թէեւ անոնցմէ քանի մը հոգիի սպանութեան մասին ատրպէյճանական կայքերու վրայ նախապէս տեղեկութիւն տեղադրուած էր, սակայն անոնց մեծամասնութեան մահուան լուրը նորութիւն է:
Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրումէն ետք, Ատրպէյճանի քաղաքացիներ մեկնած են հոն եւ սկսած են կռուելու տարբեր ծայրայեղական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ: Ցարդ, աւելի քան հարիւր ատրպէյճանցի զինեալ սպաննուած է Սուրիոյ տարածքին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.