ԷՋԵՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ – ԺԸ


 

 

Կիրակի, 12 Յունուար, 2014:

Երէկ գիրք մը եւ տուփ մը շոքոլա նուէր ստացայ: Առաջինը նոր տարուան առիթով էր, երկրորդը՝ մօրս սուգին առիթով:

-Նոր տարի է, չուզեցի սեւով մտնել եւ սուրճի փոխարէն ահա՛ …Որովհետեւ հալէպեան սովորութիւն է ցաւակցութեան սուրճ տանիլ. հաւանաբար Հալէպի մէջ բնաւորուելու առաջին տարիներէն եկած սովորութիւն, ձեւով մը օգնած ըլլալու համար սգաւոր եւ ոչ այնքան բարեկեցիկ տնեցիներուն:

Բայց ընթերցասէր-գրքասէրի մը համար կա՞յ աւելի հաճելի բան, քան՝ կտոր մը շոքոլան բերանդ եւ աղուոր գիրք մը ձեռքերուդ մէջ, ժամանակը մոռնալու չափ թաղուիլ ընթերցումի գիրկը:

Տակաւին գիրքեր կա՛ն Հալէպի քանի մը գրախանութներուն մէջ, գիրքեր, զորս ուզեմ գնել կամ շատ ուրախանամ նուէր ստանալով:- Ի՞նչպիսի նուէրն է, որ շատ կ’ուրախացնէ ձեզ,- երէկ կը հարցնէր աշակերտուհիս Սեւանը:

– Գիրք,- ըսի անմիջապէս:

– Գիրք, այո, բայց գիրքէն զա՞տ,- հարցուց:

Պէտք եղաւ պահ մը մտածել.

– Նուէրին գաղափարը այնքա՛ն կ’ուրախացնէ զիս՝ մէկը մտածած է եւ ինծի համար բան մը ըրած, որ նուէրին ի՛նչ ըլլալը երկրորդական կը դառնայ:

Զարմանալի՞ է, որ պատերազմի այս դժուար օրերուն մտածենք, խօսինք եւ զիրար ուրախացնենք գիրքերով եւ շոքոլայով:

Զարմանալի չէ, որովհետեւ ամէնքս ալ՝ գիտակցաբար թէ բնազդով, կը փորձենք մեր առօրեան կարելիին չափ բնական ապրիլ, գոնէ տուներէն ներս:

«Ընտանեկան կեանքը շարունակւում էր առանց ազդուելու դրսում տեղի ունեցող դէպքերից: Առաւօտները երբ տղաները դպրոց էին գնում, սենեակները դատարկւում էին ու լռում: Կէսօրին լեցւում էին անհամբեր ձայներով, պնակների զրնգոցով, ծիծաղով, ապա նորից դատարկուում մինչեւ երեկոյ». Այսպէս կը գրէ Կոստան Զարեան, նկարագրելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին օրերու ծանր կեանքը Երեւանի մէջ, որ այնքան նման է մեր այսօրուան կեանքին, այդքան ժամանակ ետք:

Գիրքեր կան տակաւին, բայց շոքոլայի այն որակը, որ բերանդ կը դնես եւ այդ փոքրիկ կտորը կամաց-կամաց հալելով քեզ կը տանի կարելի երջանկութեան մը թեւերուն վրայ, ա՛լ չկայ:

Ուրեմն կը գոհանամ տուփ մը սովորական շոքոլայի գաղափարով եւ նոր գիրքի մը երջանկութեամբ:

Ո՞վ ըսեր էր՝ դրախտը հսկայական գրադարան մը ըլլալու է …Բնաւ քիչ չէ: Փառք Աստուծոյ:

 ***

Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ, կարգ մը գործերու համար, որոնցմէ մէկն ալ դրամատուն երթալն էր:

Այսօր Հալէպի օդը Փարիզ կը յիշեցնէ՝ մշուշ, խոնաւութիւն, ծառերու եւ կանաչի թարմ եւ թաց բուրում – որովհետեւ վերջին տարիներուն Հալէպը արդէն ծառաշատ քաղաք մը եղեր էր –  սակայն նուազ խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը, լոյսը: Ճամբան կը փորձէի լաւ յիշողութիւններով մխիթարուիլ, եւ կը փորձէի չտեսնել թաղերուն անկիւնները կուտակուած աղբը, անտուն ընտանիքները, որոնց մանր երեխաները ցուրտէն կապուտցեր են, համատարած յուսահատութիւնը որ կը կոտտայ ոչ միայն մարդոց դէմքերուն, այլ եւ աղտոտ փողոցներուն, քանդուած շէնքերուն եւ կիսատ մնացած շինարարութեան վրայ: Վնաս չունի, կ’ըսէի, միայն թող խաղաղութիւն տիրէ եւ մարդիկ, մեծով պզտիկով, կինով երեխայով կը լծուին քաղաքը վերաշինելու աշխատանքին:

Դարձայ դրամատան փողոցը եւ ի՜նչ տեսնեմ՝ անհաւատալի բազմութիւն մը դարպասին առջեւ խռնուած, երիտասարդներ, կիներ գիրկերնին մանուկներ շալկած, ծերեր, խնամքով հագուած եւ անխնամ մարդիկ … ի վերջոյ խայտաբղէտ բազմութիւն մը, որ րոպէ առ րոպէ կ՚աւելնար, մինչ դրամատան դարպասը, դրախտի դուռի պէս փակ կը մնար:

Ե՞տ դառնալ. Բայց վաղն ալ, միւս օրն ալ նոյն վիճակը պիտի ըլլայ:

Քաջութիւնս եւ համբերանքս հաւաքեցի եւ հերթի մտայ:

– Պիտի վճարե՞ս թէ գանձես,- հարցուցի առջեւս կեցած կնոջ:

– Պիտի գանձեմ,- ըսաւ,- թոշակս պիտի գանձեմ, դո՞ւն ալ թոշակառու ես:

– Ամուսինս …,- ըսի,- դո՞ւն,- դարձայ կողքիս կեցած երիտասարդուհիին, որուն ձեռքը տրցակ մը գիրք-տետրակ կար:

– Համալսարանի վճարումին համար եկեր եմ: Այսօր վերջին օրն է եւ վաղը մեր քննութիւնները կը սկսին. Եթէ չվճարեմ, չեմ կրնար քննութեան մասնակցիլ:

– Հէ՜յ,- պոռաց շատ կոկիկ հագուած մարդ մը,- տունի համար վճարում պիտի ընենք:

– Այսօր չէ, գալ ամսուան սկիզբը,- ըսաւ դրամատան դռնապանը, որ կարգ-կանոնի հսկիչ կարգուեր էր կարծես:

– Ուշացումին համար տուգանք կա՞յ,- շարունակեց կոկիկ մարդը:- Անշո՛ւշտ, հարիւր ոսկի:

– Ինչո՞ւ, երբ դուք էք պատճառը, մենք եկեր ենք վճարելու, դուք է որ չէք գանձեր:

– Գնա՛ պատասխանատու ընկերութեան հարցուր. Ծօ՛ շարքի մտէք կ’ըսեմ կոր, չէ՞ք հասկնար,- պոռաց դռնապանը տղամարդոց բազմութեան:

Եւ դառնալով ճիշդ իր ետեւը կեցած տարեց գիրուկ մարդուն, որ հլու աչքերով խօսակցութեան կը հետեւէր, կոպտօրէն հրեց ու պոռաց՝ ետեւ գնա՛ ետեւ ետեւ ետեւ …

– Տեղս հոս է,- ըսաւ մարդը,- առտուընէ եկեր շարքի կեցեր եմ:Զինուորական տարազով ուրիշ մը մօտեցաւ օգնելու դռնապանին.- Ետեւ,- ըսաւ,- չե՞ս հասկնար,- եւ այնպէս մը հրեց մարդուն, որ մարդը փլաւ ետեւ կեցողներուն վրայ:

– Աս ի՜նչ վարմունք է,- սկսան քրթմնջել կիները, որոնց հերթը ուրիշ էր,- հօրը չափ մարդ է, Աստուծմէ՞ ալ չի վախնար …

– Ասոնք որմէ՞ կը վախնան, հիմա մարդ եղեր մէջտեղ ինկեր են,- մրմնջեց ուրիշ կին մը:

– Ծօ եթէ դուռը սկիզբէն բանան, տասնվեց պատուհանիկներն ալ բանին, կէս ժամէն այս ամբողջ ժողովուրդին գործը քալեցուցած կ’ըլլան:

– Հա՜, բայց ո՞վ սուրճ պիտի խմէ, թարմ հացերը բանան, կիսեն, վրան զահթէր ցանեն, իրարու հրամցնեն, չայ խմեն, շաղակրատեն … նախ ա՛յս «գործերը» պէտք է քալեցնեն:

Բոլորս լռեցինք, որովհետեւ ճիշդ էր կնոջ ըսածը: Լռեցինք նաեւ որովհետեւ անկարող էինք, որովհետեւ պէտք ունէինք այդ պաշտօնեաներուն:

 – Ասոնք երբ իրենց աշխատավարձը ստանան, չե՞ն խղճահարիր, որ անիրաւ ձեւով շահեր են,- ըսաւ կին մը:

– Հիմա ոչ ոքի հաշիւ կ՚ընեն, որովհետեւ իրենց աշխատանքը հսկող ոչ ոք կայ արդէն:

Ի՛նչ ալ խօսէինք, սպասելէ զատ այլ ելք չկար: Սկսայ չորս կողմս դիտել:

Աջիս խանութին ցուցափեղկին դրուած խաւաքարտը ուշադրութիւնս գրաւեց: Կարծեցի որ ծանուցում մըն է. բայց ոչ.- Իսրայէլ իժերու երկիր…

Այնքան պարզունակ, այնքան միամիտ եւ երեխայական գտայ ասիկա, որ սկսայ խնդալ. Աջիս կեցող երիտասարդ աղջիկը հարցական երեսիս նայեցաւ.

– Տե՛ս ինչ գրուեր է,- ըսի:

Նայեցաւ եւ լուռ մնաց: Հիմա ամէն մարդ շատ զգոյշ է: Անդրադարձայ եւ տխրեցայ: Կար ատեն, որ հակառակ միջազգային լրատուութիւններուն ծանուցումներուն, մենք կրնայինք արտայայտել մեր զգացումները առանց վախի եւ յաճախ լաւ ծիծաղիլ մեր կացութիւններուն վրայ: Հիմա ամէն մարդ զգուշ է: Զգոյշ ըլլալու է:

Րոպէ առ րոպէ խճողումը կ՚աւելնար, դարպասը փակ կը մնար, իսկ ինքզինք տնօրէն կարծող պահակը ի զուր կը փորձէր մարդիկը կարգի հրաւիրել.

– Շարքի կեցէք կ՚ըսեմ, չէ՞ք հասկնար …

Կը հասկնայինք, բայց կար այլ բան մը, որ չէինք հասկնար՝ ժամը տասին քառորդ կար, տակաւին պաշտօնեաներ կու գային եւ դարպասը փակ կը մնար, մինչ դրամատուներու աշխատանքային օրը ութուկէսին կը սկսի:

– Չէ՞ք հասկնար, ըհը՛, հիմա ձեզի ցոյց կու տամ …

Պոռաց, դիւահարի պէս կեցաւ փողոցին ճիշդ մէջտեղը եւ քաշեց զէնքին բլթակը:

Զգացի, որ մէջէս մե՜ծ ճիչ մը, հսկայ ալիքի մը պէս փորձեց դուրս գալ՝ ոոոոոոոոոչչչչչչչչ … սարսափս գամեց զիս տեղս. Երկու թեւերով գլուխս ծածկեցի, մինչ փամփուշտները կը պայթէին:

Մարդիկ սկսան աջ-ձախ երթալ:

Շատ արագ հեռացայ, գրեթէ վազելով:

Հասայ թաղին անկիւնը: Կեցայ: Ետ նայեցայ. մարդիկ կրկին խռնուեր էին դարպասին առջեւ: Օրուան հացին դրամն էր, իրենց հալալ աշխատավարձը, զոր կը սպասէին այդ մարդիկը, ոչ մուրալ էր, ոչ օգնութիւն: Բայց ինչո՞ւ այս նուաստացումին ենթարկել ժողովուրդը, չեմ հասկնար …

Քովս ուրիշ փախողներ ալ կային:

– Տեսա՞ր,- ըսաւ մէկը,- ահա՛ այս է վիճակնիս:

– Բայց ըլլալի՞ք բան է, որ խռնուած բազմութեան գլխուն վրայ կրակեն:

– Անցեալները Էշրէֆիէի փուռին առջեւ նոյն խճողումն էր, ճիշդ այսպէս փամփուշտ պարպեցին. պատշգամը լուացք փռող կին մը զարնուեցաւ,- պատմեց կին մը, որ ինք ալ հետս փախեր էր:

Մինչեւ տուն հասնիլս քանի մը անգամ ականատես եղայ նման հերթերու՝ փուռին առջեւ, պէնզինի կայանին մէջ …

Ասիկա կեանք չէ, որոշեցի եւ տուն մտայ:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.