«2015-ը Տհաճ Թուական Մը Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Համար» Շեշտեց Կիրօ Մանոյեան


 

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարեւոր, խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքներու իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015-էն ետք:

Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ պէտք է ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ 2015-ին, հիմնականին մէջ ուղղուած է միջազգային հանրութեան, քանի որ անոնք այդ ուղղութեամբ լուրջ վտանգներ կը տեսնեն:

«100-ամեակը վերջը չէ, եւ ատիկա բոլորն ալ կը հասկնան, սակայն խորհրդանշական է եւ միջազգային հանրութեան պիտի ստիպէ սկզբունքային մօտեցում ունենալ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցին մէջ: Այդ պատճառով Թուրքիան մտահոգ է: Անոնք կը հասկնան, որ ամէն առումով մթնոլորտը բացասական է իրենց համար», նկատել տուաւ ան:

Եթէ տարիներ առաջ Թուրքիա 2015 թուականը կ՛անուանէր «Հայկական ցունամի», ապա վերջին շրջանին թրքական իշխանութիւնները կը խուսափին արտայայտութենէն: «Անոնք մերժեցին այսպիսի լուրջ որակումներ տալը, սակայն ատիկա չխանգարեց, որ այդ «ցունամի»-ն մտնէ թուրք հասարակութեան մէջ, ուր կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան եւ ճանաչման մասին: Ատիկա նոյնպէս կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան», ընդգծեց Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ այսօր հայկական կողմը աւելի աշխուժ է, Հայ դատի գործունէութիւնը` նոյնպէս:

Թուրքիոյ նախապատրաստուելու հիմքեր չտալու համար Մանոյեան չբացայայտեց այն պետութիւններուն անունները, որոնց հետ աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն վստահեցուց, որ եթէ նոյնիսկ կարծր բանաձեւեր չըլլան, ընդհանուր մթնոլորտը, յայտարարութիւնները եւ կարծր ձեւակերպումները տհաճ պիտի ըլլան Թուրքիոյ համար:

Այսօր Հայ դատի կառոյցները երկու տարբեր ուղղութիւններով կ՛աշխատին: «Ամէնէն կարեւորը համախմբուածութիւնն է: Մեր ընդհանուր մօտեցումը այն է, որ 2015 թուականը ըլլայ իրաւունքներու սահմանման եւ ճանաչման տարի: Բացի պատմական փաստի ճանաչումէն, պէտք է շեշտը դրուի նաեւ իրաւունքներու ճանաչման վրայ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները ընթացքի մէջ են», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն:

Հայաստանի համար Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ այնքան մտահոգիչ ըլլայ, որ պարտաւորուած զգայ կողմնորոշուելու ներքին այս կամ այն ուժին նկատմամբ: Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւնները այդ երկրին հասարակութեան կեանքն է, ներքաղաքական խնդիրը, եւ իրենք պէտք է որոշեն իրենց իշխանութիւնները, Հայաստանն ալ պատրաստ պէտք է ըլլայ որեւէ իշխանութեան հետ յարաբերելու: Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները կը փաստեն, որ թրքական իշխանութիւններուն յառաջ քաշած մօտեցումները կեանքի չկոչուեցան եւ տապալեցան ոչ միայն արտաքին, այլեւ ներքին կեանքին մէջ: Ըստ Մանոյեանի, ոչ կայուն Թուրքիան Հայաստանի համար աւելի խնդրայարոյց է, քան իր ուղղութիւնը յստակ իմացող Թուրքիան: Թուրքիոյ ապակայունացումը կրնայ անկանխատեսելիութիւն բերել, ինչ որ Հայաստանի համար այնքան ալ ցանկալի չէ: Մանոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի համար նպաստաւոր է այն փաստը, որ այդ երկիրը շատ իմաստներով չփոխուի` չափէն սկսեալ մինչեւ համակարգ: Ան աւելցուց, որ այս պարագային Հայաստանը պէտք է անհանգստացնէ ոչ թէ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքը, այլ 2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքները եւ այդ առնչութեամբ թրքական արձագանգները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.