Իսրայէլ համագործակցած է իսլամ երկիրներու հետ, որոնց շարքին նաեւ Ատրպէյճանի


 

Բրիտանական The Middle East Monitor կայքէջին համաձայն, Իսրայէլի բանակի պաշտօնական կայքէջը հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր նշուած են շարք մը իսլամ եւ արաբական երկիրներու անունները, որոնց հետ համագործակցած է Իսրայէլի գաղտնի հետախուզութիւնը՝ Մոսատը։

Ցանկին վրայ յայտնուած են Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Աֆղանիստանը և Ատրպէյճանը: Ըստ նոյն զեկոյցին, համագործակցութեան ծիրէն ներս Իսրայէլի տեղեկութիւններ տրամադրուած են Պահրէյնի, Իրանի և Պաղեստինի վերաբերեալ: Հոն կը  նշուի նաեւ, որ Իրանի միջուկային եւ հիւլէական ծրագրի գծով Սէուտկան Արաբիիոյ հետ ուղղակի համագործակցութիւն ծաւալած է։

Տեղեկագիրը կը հաստատէ  նաեւ, որ Իսրայէլը Ատրպէյճանին ու Աֆղանիստանին վաճառած զինամթերքը մատակարարած է Փաքիստանի տարածքով: Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանէն գաղտնի տեղեկութիւններ ստացած է Իրանի մասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.