«20 ԿԵԱՆՔ».ԼՈՂՈՐԴ ՇԱՒԱՐՇ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ


 

ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ հռչակաւոր լողորդ Շաւարշ Կարապետեանի մասին շարժանկար պիտի նկարահանեն։ Խորհրդանշական՝ »20 կեանքեր« անուանմամբ շարժանկարը պիտի պատմէ, թէ ինչպէս 1976-ին Կարապետեան Երեւանեան լիճը ինկած թրոլէյպուսէն քսան քաղաքացի փրկեց։ Շարժանկարի ստեղծմամբ կը զբաղուի Logos Film Company ընկերութիւնը։

1976-ի Սեպտեմբերին աշխարհի լողի ախոյեան Շաւարշ Կարապետեան Երեւանեան լիճի մօտ մարզուած ատեն տեսած էր կամուրջէն լիճ ինկող թրոլէյպուսը։ Դէպքի պահուն, ան կ՚աւարտէր ամէնօրեայ 20 քիլոմեթր վազքը եւ տեսնելով կատարուածը, անմիջապէս ջուր կը նետուի խեղդուողներուն օգնելու համար։ Անոր օգնած է եղբայրը՝ Կամօ Կարապետեանը։ 10 մեթր խորութեան վրայ, դժուար տեսանելիութեան պայմաններու մէջ, Շաւարշ Կարապետեան ոտքերով կոտրած էր թրոլէյպուսի ետեւի ապակին եւ մէկ առ մէկ դուրս բերած 20 ուղեւոր։

Միւս 70 ուղեւորներուն փրկել չէր յաջողած։ Այդ դէպքէն ետք, Կարապետեանի մօտ յառաջացած էր թոքերու բորբոքում, որ բարդացած էր սեփսիսով։ Ծանր հիւանդութիւնը հաշմանդամութեան եւ մարզական ասպարէզի աւարտին պատճառ դարձած էր։

Շարժանկարը պիտի պատմէ նաեւ այն հետեւանքներուն մասին՝ ինչպէս մարզիկը մէկ ամիսէն աւելի անցուց հիւանդանոցին մէջ, իսկ ոտքերու վնասուածքն ու արեան վարակը վտանգեցին մարզական կեանք անոր վերադարձը։ 
Այժմ շարժանկարի նախագիծը մշակման փուլի մէջ է։ Յայտնի է միայն, որ պիտի նկարահանուի տրամայի ոճով, ինչպէս նաեւ յայտնի են արտադրողներու անունները՝ Սվեթլանա Տալի եւ Օլկա Սինելշչիքովա։

Կարապետեան ծնած է Վանաձորի մէջ, սակայն 1993-էն ի վեր իր ընտանիքին հետ կը բնակի Մոսկուայի մէջ։ Ան 11 անդամ եղած է աշխարհի մրցանակակիր, 17 անգամ աշխարհի ախոյեան,13 անգամ՝ Եւրոպայի ախոյեան, 7 անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան ջրասուզալող մարզաձեւին մէջ։ Սուզալողի ռուսական ֆետերասիոնի պատուաւոր նախագահ է։ Պարգեւատրուած է »Պատուոյ նշան« շքանշանով եւ Եունեսքոյի »Արդար խաղ« (Fair Play) մրցանակով։ Անոր անունով գիսաւոր աստղ կայ (3027 Շաւարշ), իսկ Ռուսիոյ Ռիպինսք քաղաքին մէջ իր անուան սուզալողի մրցումներ տեղի կ՚ունենան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.