ԿԻՒԼԷ՞ՆՆ ԱԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԻ


 

Հայաստանի մամուլը այս օրերուն, հայկական զանազան նիւթերու կարգին, մասնաւոր ուշադրութիւն սեւեռած է այժմ ամերիկաբնակ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն Հոճայի անունով ստեղծուած աննախընթաց տագնապին վրայ։ Լրագրող Արթիւր Յակոբեան այս մասին Նիուզ-Ամ լրատու գործակալութեան կայքէջին վրայ ստորագրած է յօդուած մը ուր արձագանգ կը հանդիսանայ կարգ մը շշուկներու ըստ որոնց Կիւլէն Հայկական ծագում ունի։Ահա Յակոբեանի յօդուածը՝ Արեւմտահայերէնի վերածուած.-

Թուրքիոյ մէջ կան թէմաներ, որոնց մասին անգիր օրէնքներ գոյութիւն ունին եւ որոնց մասին անկարելի է խօսիլ։ Այդ թէմաներէն մէկը հայերու մեծ ծառայութիւնն ու դերակատարութիւնն է՝ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։

Արգիլեալ թէմաներու շարքէն այս անգամ կը ներկայացնենք պնդումներ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի հայկական ծագում ունենալու մասին։Առաջին անգամ ըլլալով Կիւլէնի հայկական ծագում ունենալու մասին հրապարակաւ ակնարկներ կատարուեցան տարիներ առաջ, Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի այդ օրերու նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլուի կողմէ։ Յետագային այս թէման աւելի զարգացուց լրագրող Մուրատ Ալփէրէն, որ պնդեց թէ Կիւլէն ծագումով հայ է ու իր պապերը 20րդ դարասկզբին Էրզրումի մէջ կոտորած են թուրքերը։

«Սթար» օրաթերթը տակաւին 14 Յունիս 1999 թուակիր իր թիւին մէջ տպած էր Անգարայի ոստիկանութեան պետ Ճէվտէթ Սարալի գլխաւորութեամբ Կիւլէնի վերաբերեալ տեղեկագիր մը, ուր կասկածներ կային Կիւլէնի էթնիք ծագումի մասին։

Թրքական «Թիւրքիշ-նիուզ» կայքէջն ալ 5 Յուլիս 2013ին զետեղած է Կիւլէնի մասին հրապարակում մը, ուր կը նշուի թէ Կիւլէնի հայ մեծհայրը (1915ականներուն) աշխատած էր Իպրահիմ պէյի մօտ։ Իրեն հետ միասին Իպրահիմ պէյի մօտ կ՚աշխատէին նաեւ այլ հայեր, որոնք միասնաբար ըմբոստացած էին թուրք պէյին դէմ։ Իպրահիմ պէյ սպաննած էր Կիւլէնի մեծհայրն ու Կիւլէն ընտանիքի միւս անդամները, յետոյ անձնասպան եղած էր։ Ողջ մնացած էր միայն Կիւլէնի հայրը, որ թաքցնելով իր ինքնութիւնը, 18 կամ 19 տարեկանին գացած է Իսպիրի (Սպեր) շրջան եւ ամուսնացած է մահմետականի անուն առնելով։ Ատկէ ետք ան ամէն տեղ կը հայհոյէր հայերու հասցէին եւ ինքզինք կը կոչէր ուղղադաւան մահմետական։

Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի հօր հայկական ծագումը նաեւ մեկնաբանութեան նիւթ կր դառնայ անոր հետեւեալ արտայայտութեամբ։ Կիւլէնի հայրը սապէս ըսեր է. «Պիտի հասցնեմ այնպիսի զաւակ մը, որ իրե՛նց կրօնով պիտի հարուածէ զիրենք»։ Այս խօսքերը ըսել կ՚ուզեն որ Կիւլէն մահմետականութեա՛ն միջոցաւ է որ կը հարուածէ Թուրքերը։Կիւլէնի հայկական ծագումի մասին կայ այլ պնդում մը եւս որ ծնունդ կ՚առնէ անոր պապերուն ծննդավայրէն։ Յայտնի է որ Կիւլէնի մեծհայրը Էրզրում եկած է Խլաթ գիւղէն, որ կը գտնուէր Վանայ լճի հարեւանութեամբ եւ ուր մեծաթիւ հայ բնակչութիւն մը կ՚ապրէր։ Կը նշուի որ Կիւլէնի մեծհայրը ընտանեօք Խլաթէն հեռացած է ու հաստատուած է Էրզրումի Պասէն շրջանի մէջ, «Նամուս»ի հետ կապուած հարցի մը պատճառով։

Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի մեծհայրերուն մասին հետաքրքրական պնդումներ տեղ գտած են «Քափսամհապէր» կայքէջի վրայ, ուր կը կարդանք թէ Կիւլէնի հայ մեծհայրերը մահմետականներու, յատկապէս քիւրտերու կոտորածներու մէջ ներգրաւուած ըլլալու պատճառով, ատեն մը ստիպողաբար հեռացած ու ապաստանած են Երեւանի մէջ, որ այդ թուականներուն կը գտուէր իրանական տիրապետութեան ներքեւ։ Անոնք սակայն չեն կրցած ապրուստ ապահովել ու կրկին վերադարձած են Թուրքիա, բայց քանի որ իրենց հայրենի Խլաթ-Պիթլիսի մէջ կը մեղադրուէին մահմետականները կոտորած ըլլալու յանցանքով, մեկնած են Էրզրում։

Կիւլէնի հայկական ծագումի առընչութեամբ կը քննարկուի նաեւ իր հոգեզաւակ Էյուպ Ճանի ու անոր կողակցի՝ գտագիտուհի Էլիֆ Շաֆաքի փաստը։ Էյուպ Ճան կրթութիւն ստացած է Ամերիկայի մէջ, ապա Թուրքիա վերադառնալով աշխատած է Կիւլէնի Միութեան գլխաւոր թերթի՝ «Զաման»ի մէջ, հիմա ան «Րատիքալ»ի գլխաւոր խմբագիրն է։ Էյուպ Ճան մէկն է սակաւաթիւ այն թուրք լրագրողներէն, որոք կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրենց հրապարակումներու մէջ կը խօսին պատմութեան հետ երես առ երես գալու անհրաժեշտութեան մասին։

Իսկ Կիւլէնի հարսի՝ թուրք յայտնի լրագրող եւ վիպագիր Էլիֆ Շաֆաքի մասին ալ ըսուած է որ յայտնի է թէ անոր մայրը հայ էր։ Ան ալ երկար տարիներ աշխատած է «Զաման» թերթի մէջ։ Էլիֆ Շաֆաք գրած է հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Իսթանպուլի բիճը» անուն գիրքը, որ մեծ աղմուկ հանեց Թուրքիոյ մէջ եւ որու պատճառով Շաֆաքի դէմ դատական հետապնդում իրականացաւ տխրահռչակ 301րդ յօդուածի կիրարկութեամբ։

Յիշեցնենք որ Կիւլէնի ստեղծած շարժումը կամ ինչպէս ընդունուած է Թուրքիոյ մէջ ըսել՝ Կիւլէնի կրօնական համայնքը Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրքիայէն դուրս ունի դպրոցներ, համալսարաններ, հիմնադրամներ, միութիւններ, լրատուամիջոցներ, հիւանդանոցներ, գործարարական կառոյցներ եւ դրամատուներ։

Թէեւ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն կը նկատուի արդի իսլամն ու ժողովրդավարութիւնը իրարու հետ ձուլող ու աշխարհի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը զօրացնող անձ, բայց ան դարձած է քաղաքական ու տնտեսական հզօր ոյժ եւ այժմ կը պնդուի թէ վտանգ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն։ Կիւլէնի համայնքի ու անոր անունով ստեղծուած շարժումի անդամները կարեւոր պաշտօններ կը վարեն Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր գերատեսչութիւններուն մէջ։ Ատոր շնորհիւ է որ Կիւլէն օտագործեց «մեծ կաշառակերութիւն» գործողութիւնը եւ ուժեղ հարուած իջեցուց Էրտողանի ու Ա-ԳէՓէ կուսակցութեան վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.